2014-02-23 10:47:34

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր կարտինալներուն կ՛ըսէ ''Ձեր լեզուն ըլլայ Աւետարանի լեզու։ Ապրինք Աւետարանական Երանելիութիւններուն համաձայն։''


Կիրակի, 23 փետրուար, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր նշանակուած կարտինալներուն հետ միասին մատուցեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին սկիզբը ակնարկեց թէ Սուրբ Հոգիին ձայնին ունկնդրութիւնը կը վերակենդանացնէ համայն Եկեղեցին ու կ՛ոգեւորէ զայն։
Ան ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, ուր ընթերցուածին մէջ Տէրը իր ժողովուրդը կը հրաւիրէ ''ըլլալու սուրբ, որովհետեւ Ինք` իրենց Աստուածը սուրբ է''։ Մինչ Աւետարանին մէջ Յիսուս կը խնդրէ ''ըլլալ կատարեալ նման Երկնաւոր Հօր որ կատարեալ է''։
Այս բառերը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ուղղուած են բոլորիս ու յատկապէս ձեզի Կարտինալ եղբայրներ, որ երէկուան արարողութեամբ մաս կազմեցիք Կարտինալական դասին։ Այսօրուան սուրբ գրային ընթերուցմները մեզի ցոյց կու տան սրբութեան ձգտելու ուղին։ Սրբութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է աշխարհի փրկութեան համար – աւելցուց Քահանայապետը - եւ Յիսուս եկաւ մեզի ցոյց տալու այդ ճանապարհը ու մեզ փրկելու։
Սիրելի եղբայրներ` Մեր Տէրը Յիսուս եւ մեր Մայր Եկեղեցին, մեզմէ կը խնդրեն եռանդով վկայել սրբութիւնը։ Ասոր համար սիրելու ենք անոնք որ մեզի հակառակ են, օրհնելու ենք անոնք որ մեր դէմ կը խօսին, ժպիտով ողջունելու ենք անոնք որ արժանի չեն մեր ժպիտին....թոյլ տանք որ Քրիստոսի Հոգին, որ ինքիզինք նուիրեց խաչին վրայ, առաջնորդէ մեր քայլերը որպէսզի ըլլանք Անոր ողորմութեան միջոցներ։ Կարտինալ մը երբ կը մտնէ Սուրբ Եկեղեցի, չի մտներ պալատ եւ ասոր համար խուսափելու ենք այն վարուելակերպերէն եւ սովորութիւններէն որոնք Եկեղեցւոյ վայել չեն – յանձնարարեց Քահանայապետը ու հրաւրեց` ''Մեր լեզուն թող ըլլայ Աւետարանի լեզու` ''Այոն` Այո եւ Ոչը` Ոչ'' եւ ապրինք Աւետարանական Երանելիութիւններուն համաձայն։

Սիրելի եղբայներ ու քորյրեր, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը եզրափակելով քարոզը` ''Մնանք միացած Քրիստոսի մէջ. Ձեզմէ կը խնդրեմ որ մօտիկ ըլլաք ինծի, աղօթքով, խրատներով եւ համագործակցութեամբ։ Դուք ալ բոլորդ` եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կղերական դաս եւ աշխարհականներ, միացէք մեզի Սուրբ Հոգւոյն ուղղուած մեր աղերսին, որպէսզի Կարտինալական դասը ըլլայ միշտ ոգեւորուած Հովուական սիրով ու լի սրբութեամբ, ու ծառայէ Աւետարանին եւ օգնէ Եկեղեցւոյ` աշխարհին մէջ սփռելու Քրիստոսի Սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.