2014-02-23 10:52:03

Գաղթականը Ս. Գիրքին մէջ - գաղթականին ''Աստուածային խորհուրդը"։


Աստուածաչունչը ի՞նչպէս կը խօսի գաղթականին մասին։ Միթէ՞ անիկա թշնամի մըն է, մեզի համարժէ՞ք է, մեր եղբայ՞րն է։ Այդ ուղղութեամբ ս. Գիրքի ուսումնասէր ֆրանսացի քահանայ Իվ Սաուլ այդ նիւթով հրապարակած է հատոր մը '' Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը խօսի գաղթականին մասին'' վերտառութեամբ։ Քահանայ Իվ Սաուլի գնահատումով, գաղթականը Աստուածային ''ճշմարիտ'' խորհուրդ մըն է։
Մատթէոս Աւետարանին մէջ կը կարդանք. ''Պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս... ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք, այս փոքրիկներէն մէկուն` որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք''։
Յիսուսի այս խօսքերը, հեղինակին գնահատումով, կը նկարագրեն ''գաղթականին` պանդուխտին Աստուածային խորհուրդը''։ Աւետարանին մէջ Յիսուս յաճախ ինքզինք կը նոյնացնէ գաղթականի մը, սովահարի մը, բանտարկեալի մը, հիւանդի մը որ մեր այցելութիւն կը սպասէ։ ''Օտարականը ընդունելով, Հայր Աստուածը ընդունած կ'ըլլանք'' կը հաստատէ քահանայ Սաուլ, որ երկար տարիներ իր առաքելութիւնը կատարած է հեռաւոր երկիրներու մէջ։
Ան կը մատնանշէ որ Հայր Աստուած մեզ պիտի դատէ մեր պանդուխտ-եղբօր հանդէպ ունեցած վառուելակերպին համաձայն։ Մեր այս վարմունքը չափանիշը կը հանդիսանայ մեր քրիստոնէական հաւատքին ու ապրումին։
Յիսուս Աւետարանին մէջ կը քարոզէ աստուածային պատգամին ընդհանրականութիւնը։ Նախքան երկինք համբառնալը հրամայեց իր աշակերտներուն ''գացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերը''։
Վստահաբար սամարացիի առակը ամէնէն խօսուն ու բացայայտ է արտայայտութիւնն է` Յիսուս կը հրաւիրէ անխտիր սիրել բոլոր մարդիկը։ Պօղոս առաքեալը գաղտէացիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը գրէ. ամէնքս զգեցած ենք Քրիստոսի շնորհքը, ալ խտիր չկայ ոչ հրիայի եւ ոչ հեթանոսի, ոչ ստրուկի եւ ոչ ազատի, ոչ այր մարդու եւ կնոջ միջեւ. ամէնքդ մէկ էք Յիսուս Քրիստոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.