2014-02-22 11:10:51

Վատիկանի Պետական քարտուղարի մեծարանքի ուղերձը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նոր կարտինալներու նշանակումին առթիւ։


Կարտինալ Փիեդրօ Փարոլին` Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը, շաբաթ 22 փետրուարին, Սուրբ Պետրոսի մէջ տեղի ունեցած, Կարտինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութեան ընթացքին, ուղերձ մը արտասանեց, յանուն բոլոր նոր կարտինալներուն, յայտնելով կարտինալական դասին գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը Սրբազան Հօր։ Ան միաժամանակ իր սէրն ու յարգանքը յայտնեց, արարողութեան ներկայ գտնուող, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին։
Կարտինալ Փարոլին իր եւ բոլորին զգացումները ամփոփեց երկու խօսքերով` առաջինը ''շնորհակալութիւն'', իսկ երկրորդը` ''ահաւասիկ եմ''։
Շնորհակալ ենք Սրբազան Հայր, - ըսաւ Ան - որ ձեր նամակով մեզի կը յիշեցնէք թէ կարտինալութիւնը աստիճանի բարձրացում մը չէ, ոչ պատիւ եւ ոչ ալ պարծանք, այլ՝ պարզապէս ծառայութիւն մըն է, մեր ակնարկը աւելի ընդարձակելու ու մեր սիրտը աւելի ընդլայնելու։Այդ կարելի պիտի ըլլայ եթէ Յիսուսի ետեւէն քալենք ամենայն պարզութեամբ ու խոնարհութեամբ։
''Ահաւասիկ եմ'' արտայայտութիւնը յաճախ կը գտնենք Աստուածաշունչին մէջ – ըսաւ հուսկ Կարտինալ Փարոլինը։ Անիկա յատուկ է անոնց որոնք անսալով Աստուծոյ կոչին ''Այո''ով մը ընդառաջեցին Անոր, իրագործելու՝ Տիրոջ փրկութեան ու խաղաղութեան ծրագիրը։ Մենք պիտի աշխատինք ընթանալ Տիրոջ ներկայութեամբ ու աշխատիլ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար ու դաւանիլ միակ փառքը` Խաչեցեալ Քրիստոսը – եզրափակեց Կարտինալ Փարոլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.