2014-02-22 11:24:35

Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գլխաւորեց Կարտինալական աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը։


Շաբաթ, 22 փետրուար, առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Պետրոսի Աթոռի տօնին օրը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, տեղի ունեցաւ հրապարակային ''Քոնչիսդորօ – կարտինալական հաւաք'' որուն ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը 19 նոր կարտինալներուն շնորհեց կարտինալական գդակը, մատանին ու տիտղոսը։ Յայտնենք որ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը։
Կարտինալութիւնը քահանայապետի կողմէ հաստատուած ճանաչումն է անհատի մը որ լիովին կ'ապրի իր հաւատքը ու հաւատարմաբար կը ծառայէ եկեղեցւոյ։ Սքեմի ու գդակի կարմիր գոյները կը խորհրդանշեն նահատակութիւնը, որուն համար կարտինալը պատրաստ է զոհուելու Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ սիրոյն համար։ Կարտինալի աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը սովորաբար տեղի կ'ունենայ բոլոր կարտինալներու ներկայութեամբ։ Ըստ աւանդութեան Սուրբ Գիրքի ընթերցումէն ետք թեկնածուն իր հաւատոյ դաւանանքը ու հաւատարմութեան երդումը կը կատարէ հանդէպ եկեղեցւոյ։ Իւրաքանչիւր նոր կարտինալ Քահանայապետէն կ'ընդունի Հռոմի մէկ եկեղեցւոյ անունը, որուն տիտղոսաւորը կը դառնայ։ Այսպէսով ան կը դառնայ Հռոմի թեմակալ եպիսկոպոս։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, անդրադարձաւ Մարկոս աւետարանէն քաղուած հատուածին` ''Եւ Յիսուս կը քալեր անոնց առջեւէն''...ու ներշնչուելով անկէ, ներկաներուն ըսաւ` ''այս վայրկեանիս եւս Յիսուս մեր առջեւէն կը քալէ։ Ան միշտ մեր առջեւն է։ Մեզ կը կանխէ, բանալու համար մեզի ճանապարհը։ Եւ այս է մեր ուրախութիւնն ու վստահութիւնը` ըլլալ անոր աշակերտները, Անոր հետ մնալ, քալել Անոր ետեւէն, հետեւիլ Իրեն։
Երբ մեր առաջին համապատարագը մատուցեցինք Սիքստինեան մատրան մէջ, ''Քալելը'' եղաւ Տիրոջ մեզի առաջարկած առաջին բառը –ըսաւ Քահանայապետը – ու ապա եկան կառուցել եւ խոստովանցնել բառերը։
Այսօր ահա այս բառը կը կրկնուի` Յիսուսի ներգործութիւնը կը շարունակուի, Յիսուս կը քալէ։ Ան եկած չէ փիլիսոփայութիւն կամ գաղափարական մը սորվեցնելու, Ան եկած է ցոյց տալու ''ճանապարհը'', ճանապարհ մը որ Իրեն հետ պիտի կիսենք – յարեց Սրբազան Հայրը եւ աւելցուց – Յիսուսի ճանապարհը սակայն հանգստաւէտ ուղեւորութիւն մը չէ, դէպի խաչ տանող ճանապարհ մըն է, թէեւ մենք գիտենք թէ Տէրը յաղթական է եւ պէտք չենք վախնալ խաչէն, ընդհակառակը` խաչը մեր յոյսն է։
Իր քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղեց նոր կարտինալներուն ըսելով` ''Եկեղեցին ձեզի պէտք ունի, պէտք ունի ձեր համագործակցութեան եւ ամենէն առաջ ձեր իրարու հետ հաղորդութեան։ Եկեղեցին պէտք ունի ձեր քաջութեան, աւետարանը հռչակելու ամենուրէք եւ ճշմարտութեան վկայութիւնը տալու։ Պէտք ունի ձեր աղօթքին, Քրիստոսի հօտին ուղեւորութեան համար, աղօթքն ու Աստուծոյ խօսքը հռչակելը Եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնն են։ Եկեղեցին պէտք ունի ձեր կարեկցութեան, նա մանաւանդ այս պահուս, աշխարհի մէջ կայացած ցաւի ու տառապանքին ի տես'', ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնեց բոլոր եկեղեցական հասարակութիւններուն եւ քրիստոնեաներուն որոնք կը տառապին խտրականութենէն եւ հալածանքներէն ու Կարտինալներէն խնդրեց որ աղօթեն անոնց համար որպէսզի հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ եւ չարը դիմագրաւեն բարութեամբ։
Եկեղեցին պէտք ունի մեզի – ըսաւ ապա Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը –որպէսզի ըլլանք նաեւ խաղաղութեան մարդիկներ եւ գործենք խաղաղութեան ի սպաս, մեր աշխատանքով , մեր աղօթքով, մեր իղձերով եւ ասոր համար է որ կը հայցենք խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն բոլոր այն ժոովուրդներուն որ ներկայիս թիրախ են բռնութիւններուն ու պատերազմին։
Սիրեցեալ եղբայրներ` ընթանանք միասին Տիրոջ ետեւէն, ու թոյլ տանք որ Ինք ժողովէ մեզ ու միացած պահէ Սուրբ Մայր Եկեղեցւոյ։







All the contents on this site are copyrighted ©.