2014-02-22 08:30:02

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր Փոքր Մաշտոցը


Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Ծիսական Յանձնախումբը, 2014-ի Փետրուար 19-ին, հրատարակեց սուրբ Խորհուրդներու եւ այլ աղօթքներու մատակարարման «Փոքր Մաշտոց» ծիսական գիրքը, որ իր առաջին էջերուն վրայ կը կրէ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հրամանագիրն ու օրհնութեան գիրը:

Մատեանը որ կը կրէ «Փոքր Մաշտոց Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ» տիտղոսը, եւ տպագրութեան որպէս վայր եւ թուական՝ Պէյրութ 2013, պտուղն է Ծիսական Յանձնախումբին եւ մանաւանդ Յանձնախումբի նախագահ Արհի, հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեանի վերջին տարիներու աշխատանքին։ Փոքր Մաշտոցի հրապարակաման նպատակն է օգտակար դառնալ հաւատացեալին եւ անոր մասնակցութեան ի խնդիր մատակարարուելիք խորհուրդներուն, որպէս հաւատքի հասունացման աղբիւր: Այս մատեանը կը հրատարակուի առ ի փորձ երեք տարուայ համար:
Կարելի է գտնել զայն հետեւեալ կապին վրայ եւ ներբեռնել բոլոր կարելի սարքերու մէջ:









All the contents on this site are copyrighted ©.