2014-02-22 09:02:19

Իրան Եւ Բրիտանիա վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները


Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան լրատուամիջոցներուն, որոնք իրենց կարգին կը մէջբերեն Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարի խօսքը, կը հաղորդէ, որ Թեհրան եւ Լոնտոն վերականգնած են իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարներու մակարդակով:
«Այս օրուընէ սկսեալ, Իրանը եւ Բրիտանիան վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարներու մակարդակով, մնայուն կերպով չեն բնակիր երկու երկիրներու տարածքին մէջ», ընդգծած է դիւանագէտը:
Ըստ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին, Թեհրանի եւ Լոնտոնի մէջ դեսպանութիւններու ճակատին բարձրացուած են երկու երկիրներու դրօշները:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, որ Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնուած են:
Բրիտանիա Թեհրանի մէջ իր դեսպանատունը փակած էր 2011-ին, երբ իրանցի ցուցարարներ յարձակում գործած էին անոր վրայ: Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան փակումէն ետք դադրեցուած էր նաեւ Լոնտոնի մէջ Իրանի դեսպանատան աշխատանքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.