2014-02-21 13:36:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետի 21 փետրուարի քարոզը


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 21 փետրուարին առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագը մատոյց, Ֆիրէնցէի երբեմնի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Սիլվանօ Փիովանելիի դիտաւորութեան, որ այսօր կը թեւակոխէ իր 90-րդ տարեդարձը։

Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրութիւնը շնորհակալութիւն յատնեց կարտինալին գործունէութեան եւ տուած բարի վկայութեան համար։ Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց հաւատքի վրայ` ''հաւատք մը որ գործերով պտուղ չի տար հաւատք չէ'' ըսաւ Քահանայապետը։ Աշխարհը լի է քրիստոնեաներով որ հաւատամքի բառերը կ՛արտասանեն բայց եւ այնպէս զանոնք ի գործ չեն դներ։

Հաւատքը միշտ վկայութիւն կը յառաջացնէ – ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց – Հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի եւ Աստուծոյ հետ հանդիպում մըն է, ու այս հանդիպումէն է որ վկայութիւնը կը ծնի։ Ասոր համար առաքեալը կ՛ըսէ ''Հաւատք մը առանց գործերու, որ չի հրապուրեր, որ վկայութիւն չի յառաջացներ, հաւատք չէ։ Այլ միայն խօսքեր են։ Դատարկ խօսքեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.