2014-02-21 10:13:17

Քիեւի մէջ ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումները կը շարունակուին


Կեդրոնական Քիեւի մէջ ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն վերսկսումով առնուազն 39 զոհ արձանագրուեցաւ, երբ չորեքշաբթի օր գոյացած զինադադարը փուլ եկաւ:
Անկախութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցող բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան զէնքեր, հրավառ ռումբեր եւ ջրաշիթ մեքենաներ:
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու` Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ հանդիպում ունեցան Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի հետ, ինչ որ եկաւ ժխտելու նախապէս հաղորդուած այն լուրը, թէ նախարարները Ուքրանիայէն հեռացած են` առանց նախագահին հետ հանդիպում ունենալու:
Նախագահի կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութիւն մը ընդդիմութիւնը մեղադրեց բռնարարքներուն վերսկսման համար` յայտնելով, որ «զինադադարի եւ երկխօսութեան կոչերը պարզապէս զօրաշարժի եւ Մայտանի (Անկախութեան հրապարակ. «Ա.») գործիչները զինելու ժամանակ շահելու համար էր»:
Ընդդիմութեան ղեկավարները բռնարարքները իշխանութիւններուն կողմէ «գրգռութեան արարք մը» նկատեցին:
Ծայրայեղ աջակողմեան Աջ բաժին բողոքի շարժումը յայտնեց, որ զինադադարին յանձնառու չէ դարձած եւ «բանակցելի ոչինչ» գոյութիւն ունի:
Խորհրդարանի եւ նախարարաց խորհուրդի շէնքերը պարպուեցան` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ ցուցարարները այդ շէնքերը կը ներխուժեն:
Նախագահ Եանուքովիչի աշխատանքային խմբակի ղեկավարը յայտնեց, որ եթէ Ուքրանիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատուին եւ կացութիւնը մագլցում արձանագրէ, «գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ երկիրը կրնայ երկուքի բաժնուիլ»:
«Վրեմիա» հաղորդեց, որ Խրիմի Գերագոյն ռատայի բանբեր Վլատիմիր Քոնսթանթինով յայտարարած է, որ եթէ Ուքրանիոյ մէջ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, ապա իրենք պիտի քննարկեն երկրէն անջատուելու հարցը:
«Իշխանափոխութեան պարագային մենք մէկ տարբերակ ունինք` չեղեալ յայտարարել Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան նախագահութեան` Խրիմը Ուքրանիոյ յանձնելու որոշումը», նշած է Քոնսթանթինով:
Խրիմ 19 փետրուար 1954-ին Ուքրանիոյ յանձնուած էր` ի նշան ուքրանացի եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան:
Մինչ այդ, Քիեւի քաղաքային վարչութեան ղեկավարը հրաժարեցաւ նախագահ Եանուքովիչի Շրջաններու կուսակցութենէն:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը Ուքրանիոյ նախագահին կոչ կ’ուղղէ` ապահովական ուժերը հեռացնելու մայրաքաղաքի կեդրոնէն: Սպիտակ տունը դատապարտած է ապահովական ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն դէմ կիրարկուած բռնարարքները:







All the contents on this site are copyrighted ©.