2014-02-21 10:12:07

Պետութեան պատասխանատուութիւնը հանդէպ ընտանիքին


RealAudioMP3 Ընտանիքին պատասխանատուներն են նաեւ ժողովուրդներու եւ ազգերու ղեկավարները:
Ժողովուրդներու ղեկավարները, եթէ նախանձախնդիր են իրենց ժողովուրդի բարգաւաճումով, պէտք է իւրաքանչիւր ընտանիքին տրամադրեն ընկերային ապահովութեան բոլոր կարելիութիւնները, որոնց միջոցաւ` իրենց հպատակները արժանավայել կեանք մը կ՛ապրին: Ժողովուրդներու ղեկավարները պէտք է արթուն պահակներն ըլլան հանրային բարոյականին, որովհետեւ առանց բարոյական սկզբունքներուն` ընկերութիւն մը արժանի չէ քաղաքակիրթ կոչուելու:
Ընտանեկան քաղաքականութիւնը գործնական միջոցառումներու համալիր է, որ զաւակ ունեցող ընտանիքներուն որոշակի ընկերային երաշխիքներ կու տայ: Ընտանեկան քաղաքականութիւնը նպատակ ունի ընտանիքի տնտեսական հիմնախնդիրներու մեղմացումը, ընտանիքի կարիքներու առավել լրիւ բաւարարումը, կոչուած է լուծել ընտանիքի ամրապնդման եւ ընտանեկան արժէքներու պահպանման, հասարակական զարգացման գործընթացքին անոր շահերու ապահովման խնդիրները, ընտանիքի կարիքները սեփական աշխատանքային գործունէութեամբ հոգալու անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծումը եւ այլն:
1994-ի սեպտեմբերին, Գահիրէի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային համագումար մը աշխարհի բնակչութեան եւ յառաջդիմութեան մասին: Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը, բացառիկ այս առիթէն օգտուելով, 13 մարտին իր ձեռագիր նամակով աշխարհի ղեկավարներուն կը փոխանցէր իր «ցաւագին հիասթափութիւնը», որովհետեւ համագումարի վերջնական յայտարարութեան նախագիծը աննկատ կը թողուր բնակչութեան եւ յառաջդիմութեան զուգահեռ գործընթացին ծանրակշիռ հարցը, իսկ սեռաբանութեան ըմբռնումը լռելեայն կը վերածէր անհատին քմահաճոյքի առարկայ, աւելորդ դարձնելով ամուսնութեան հաստատութիւնը: Վերջապէս վիժումի իրաւունքը ընդհանրացնելու զանազան առաջարկներ ալ կը ներկայացնէր, առանց որեւէ սահմանափակումի:
Սրբազան Քահանայապետը կ՛աւելցնէր. «Ո՛չ ոք իրաւունք ունի խախտելու նման հիմնական եւ տիեզերական հաստատութիւն մը, որ մարդկային ընտանիքն է: Ընտանիքը մարդկութեան աւանդն է»:
Ապա հարց կու տայ. « Երկրորդ հազարամեակի սեմին, ինչպէ՞ս չմտաբերել երիտասարդութիւնը: Համագումարը ի՞նչ կ՛առաջարկէ անոնց: Անոնց կու տայ իրաւունքը ամէն ինչ ազատօրէն ընելու, մատղաշ տարիքէն սկսեալ, անսանձօրէն, թէեւ մեծագոյն զգուշութեամբ: Իսկ անշահախնդիր ինքնանուիրումը, բնազդներու սանձումը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, անցեալ դարու պատմութիւն նկատուած են համագումարին կողմէ: Բաղձալի պիտի ըլլար գտնել համագումարին նախագիծին մէջ` գէթ ակնարկութիւն մը խղճի, մշակութային եւ բարոյական արժէքներու մասին»:
Դժբախտաբար, կարգ մը ազգային օրէնսդրութիւններ որդեգրած են օրէնքներ, որոնք ապօրինին` կը նկատեն օրինաւոր, եւ հակաբնականը` բնական, յանուն չակերտաւոր ազատութեան եւ քաղաքակրթութեան: Ո՞ւր պիտի հասնի արդի մեր աշխարհը: Եթէ քանդուի ընտանիքը, կը քայքայուի ընկերութիւնը:
Թող մեր Քրիստոնեայ հայ ծնողները, միախորհուրդ եւ միակամ, տոգորուին Աւետարանին լոյսով եւ ըլլան ճշմարիտ վկաներն այն սիրոյ խորհուրդին, զոր Քրիստոս աշխարհի ցոյց կու տուաւ իր մահուան եւ յարութեան օրինակով:







All the contents on this site are copyrighted ©.