2014-02-21 13:53:26

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի կոչը ոգեկոչելու Սումկայիթի անմեղ զոհերը։


Ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հովուական նամակով մը կոչ կ'ուղղէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի եկեղեցիներուն յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւններով ոգեկոչել 1988-ի Սումկայիթի կոտորածներու անմեղ զոհերուն եւ 2004-ին փետրուար 19-ին Պուտափեշտի մէջ վայրագօրէն կացինահարուած եւ սպանուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին յիշատակները: Ինչպէս նաեւ այս առիթով կը խնդրէ աղօթել որպէսզի հայ ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան խնայուին նման տմարդի արարքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.