2014-02-21 13:02:53

Մարոնիներու Ռաիի Պատրիարքի Կոչը՝ Միջազգային հասարակութեան։


Լինբանանի Մարոնիներու Ռաի Պատրիարքը, Հռոմ կեցութեան ընթացքին, Ռատիօ Վարիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց միջազգային Հասարակութեան, հաստատ քայլեր որդեգրելու Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ ։
Ռաի Պատրիարքը իր զրոյցին մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակին, մտահոգութիւն յայտնելով
Սուրիոյ տագնապի հետեւանքներուն` Լիբանանի վրայ, որ վերջերս թիրախ դարձած է ականուած ինքնաշարժներու պայթումներուն եւ ահաբեկչական արարքներուն։
Ռաի Պատրիարքը հաստատեց թէ ներկայիս Սուիրոյ տագնապը, ժողովուրդին եւ կառավարութեան միջեւ պատերազմ մը չէ այլեւս, այլ՝ Իսլամ զանազան ծայրայեղական խմբակներու միջեւ բախումներ են , ասոր համար կոչ կ'ուղղենք միջազգային հասարակութեան, լուծումներ գտնելու համար։
Անդրադռանլաով ապա Լիբանանու Քրիստոնեաներուն, Ռաի Պատրիարքը ընդգծեց թէ պատերազմի հետեւանքները բոլորին վրայ կ՛ազդէ անխտիր ըլլան անոնք քրիստոնեաներ կամ մահմետականներ։ Բոլորն ալ կը տառապին պատերազմէն, ապահովութեան պակասէն, եւ ընկերային ու տնտեսական անկայուն վիճակէն։ Իսկ այս բոլորէն աւելի, Քրիստոնեաները կ՛ապրին մահմետական ծայրայեղ խմբակներու սպառնալիքի տակ, ինչպէս կը պատահի այսօր Սուրիայ, ու անոնք չեն գիտեր ո՞րն է իրենց ապագան։







All the contents on this site are copyrighted ©.