2014-02-21 09:38:37

Կարտինալներու Ժողովը՝ Քահանայապետի ներկայութեամբ (Պատմական տեղեկութիւններ)։


Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին Կարտինալներու Համահաւաք Դասը կազմուած էր Հռոմի երիցատուներու 25 պատասխանատուներէն , 7 նահանգային սարկաւագներէ, արքունական պալատի 6 սարկաւագներէ ու քաղաքի 7 արուարձաններու եպիսկոպոսներէն, որոնք Սրբազան Պապին խորհրդատուներն էին։
1150 թուականէն ի վեր Կարտինալներու Համահաւաք դասը ունէր երիցագոյն Կարտինալ մը որ Հռոմի շրջանի ծովեզերեայ Օսդիայ մարզի եպիսկոպոսն էր, եւ սենեկապետ մը որ ինչքերու մատակարարն էր։
1159էն ի վեր Կարտինալական Համահաւաք Դասը դարձաւ Հռոմի Քահանայապետը ընտրող վարչական մարմինը։ ԺԲ դարէն ի վեր Կարտինալական Դասին մաս կազմեցին նաեւ Հռոմէն դուրս գտնուող բարձրաստիճան եկեղեցականներ։
Կարտինալական դասի թիւը ԺԳ. էն ԺԵ. րդ դարերուն եղած է երեսուն, իսկ Պօղոս Ե.րդ, 1586- ին անոնց թիւը բարձրացուցած է 70-ի ։
Կարտինալները ունին Ծիրանաւորի տիտղոս եւ ունին Վատիկանեան Պետութեան Հպատակութիւն։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ հաստատած է թէ բոլոր Կարտինալները նախ ունենան Եպիսկոպոսական աստիճան։
Կարտինալական Դասը բաժնուած է երեք մասերու. Եպիսկոպոսական, Քահանայական եւ Սարկաւագային եւ կը նշանակուին Սրբազան Քահանայապետի ազատ կամքով ։ Կարտինալական Դասը կը համագործակցի Սրբազան Քահանայապետին հետ սովորական եւ արտակարգ ժողովներուն մասնակցելով։
Անցեալ 12 յունուարին, կիրակնօրեայ հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յայտարարեց 19 նոր կարտինալներու անուանումը որոնց կարտինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ 22 փետրուարին, այս առընչութեամբ գումարուած Կարտինալական Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին։
Նոր կարտինալներուն ուղղած իր նամակին մէջ Սրբազան Հայրը վերյիշեցուցած էր թէ ` ''Կարտինալական Տիտղոսը ծառայութիւն ու անձնուիրում է'' եւ ''ոչ թէ պատիւ մը կամ զարդ մը''։
''Կարտինալութիւնը չի նշանակեր աստիճանի բարձրացում, պատիւ եւ կամ զարդ, ան պարզապէս սպասարկութիւն մըն է, որ կը պահանջէ հայացքի ընդարձակում ու լայնասրտութիւն։ Այդ կատարելու համար հարկաւոր է քալել Տիրոջ հետքերուն վրայ` նուաստացումի ու խոնարհութեան ուղիով` դառնալով սպասաւոր''։ Գրած էր Սրբազան Հայրը նամակին մէջ, ու աւելցուցած` ''Այդ պատճառաւ, կը խնդրեմ, որ ընդունիս այս նշանակումը պարզ ու խոնարհ սրտով։ Թէեւ ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ պիտի ընկալես այս պաշտօնը, սակայն այնպէս մը ըրէ որ ապրումդ ըլլայ հեռու աշխարհիկ հոգիէն եւ տօնախմբութիւնդ ըլլայ աւետարանական հոգիով` զուսպ, ժուժկալ եւ անշուք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.