2014-02-21 10:55:34

''Ծերութիւնն ու անկարութիւնը'' առանցքը կը կազմեն Կեանքի Քահանայապետական կաճառի աշխատանքներուն, որ կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան` 20 –րդ տարեդարձը։


19-22 փետրուար 2014, կեանքի քահանայապետական կաճառի անդամները իրենց լիանիստ ժողովը գումարած են, ունենալով որպէս բնաբան ''Ծերութիւնն ու անկարութիւնը''։ Այս լիանիստ գումարով Ժողովականնեը ուզեցին վերակոչել նաեւ կաճառին հիմնարկութեան 20-րդ տարեդարձը, որ հաստատուած է 11 փետրուար 1994-ին Յովհաննէս-Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ։
Ժողովականները իրենց աշխատանքը կեդրոնացուցին երեք հարցերու մասին որ սերտօրէն առնչուած են ծերութեան ու անկարութեան կենսական հարցերուն. ''անկարութիւնը եւ մարդկային վիճակը''. ''վիճակագրական խնդրական տուեալներ'',''բարոյական հարցեր եւ լուծումներ''։ Ժողովականները նիստին ընթացքին ոգեկոչեցին կաճառին առաջին նախագահը ֆրանսացի ազգաբանագէտ Ժէրոմ Լէժէօն Յովհաննէս-Պօղոս Բ Քահանայապետի բարեկամը։ Ան իր նշանակումէն երկու ամիս ետք մահացաւ։ Անոր երանացման ու սրբադասման դատը սկսաւ յունիս 2007-ին։
Այս առթիւ անոնց ուղղած իր մէկ պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհաւորեց 20 ամեակի յոբելեանը հուսկ անդրադարձաւ այս տարուայ հաւաքի ընտրուած` ''ծերութիւն եւ անկարութիւն'' նիւթի կարեւորութեան, ու անոր վերաբերող հրատապ հարցերուն եւ այս առընչութեամբ ընդգծեց Ընտանեկան կառոյցի կարեւորութիւնը որպէս զօրակցութեան եւ հիւրընկալութեան վայր։ Ընտանիքի ապրած վկայութիւնը վճռական վկայութիւն մըն է, համայն ընկերութեան համար, որով տարեցը կը դասաւորուի որպէս հասարակութեան լիիրաւ անդամ, որ յատուկ առաքելութիւն մը ունի կատարելիք։ Ընկերութիւն մը իրապէս հիւրընկալ է երբ գիտակից է թէ կեանքը յարգի է նաեւ ծերութեան եւ անկարութեան մէջ եւ նոյնիսկ ծանր հիւանդութեան մէջ երբ ան հասած է իր աւարտին։ Սրբազան Հայրը ապա բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները ու Տիրամօր բարեխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.