2014-02-21 09:48:14

Իրանի եւ միջազգային ուժերու միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 մարտին, Վիեննայի մէջ:


Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Վեցեակին հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ յառաջիկայ բանակցութեանց եւ փորձագէտներու ժողովի նիւթերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:
Զարիֆ աւելցուց, որ «դրական մթնոլորտի մէջ կատարեցինք թեքնիք քննարկում մը, որ յառաջիկայ չորս ամիսներուն ընթացքին պիտի շարունակուի»:
Ան յոյս յայտնեց, որ «մեր գործընկերները բանակցութիւնները նոյն ոճով շարունակեն»` աւելցնելով, որ «կարգ մը իրաւական հարցերու թեքնիք մանրամասնութիւններուն անդրադառնալու կարիք կայ»:
Էշթըն իր կարգին յայտնեց, որ «Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները լաւ էին եւ վերջնական լուծումին հասնելու սկիզբ մըն են»:
Ան յայտարարեց, որ «Իրանի եւ միջազգային ուժերու միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 մարտին, Վիեննայի մէջ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.