2014-02-20 10:56:05

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զօրակցութեան գովքը կը հիւսէ կարտինալ Միւլլերի հրապարակելիք հատորին յառաջաբանին մէջ` փոխադարձ առաքինութիւն շահի եւ զօրակցութեան միջեւ։


Երեքշաբթի, 25 փետրուարին, կը ներկայացուի Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ` կարտինալ Կերարտ Միւլլերի հատորը` ''Աղքատը աղքատներուն համար. Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը'' խորագրով հատորը, որուն յառաջաբանը կը կրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ստորագրութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը յառաջաբանին մէջ կը գրէ. Եթէ դրամը միջոց մըն է ընդլայնելու մարդու կարելիութիւնները, սակայն պէտք չէ անտեսել զօրակցութիւնը։
Քահանայապետը կը շօշափէ աղաքատութեան հարցը ''տնտեսական, հոգեւոր, ընկերային ու բարոյական իր բոլոր երեւոյթներով։ Ան դիտել կու տայ որ դրամը միջոց մըն է, նման ամէն ստացուածքի, կ'ընդլայնէ եւ կ'աճեցնէ մարդկային ազատութեան կարողութիւնները։ Սակայն այդ միջոցառումը կրնայ երկսայր դառնալ եւ տնտեսական իշխանութիւնը իր դրական արժէքը կրնայ կորսնցնել, երբ կը գործածուի լոկ սեփական շահերուն համար։ Այդ շեղումէն ազատուելու համար հարկաւոր է զօրակցութիւնը'' կը գրէ Քահանայապետը, ընդգծելով թէ ''ամէնքս կարիքը ունինք ուրիշին, զօրակցութիւնը պարգեւ մըն է, որ բոլորին համար շահաբեր է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.