2014-02-20 10:20:36

Պէյրութի հարաւային Պիր Հասան շրջանին մէջ, պայթումներ


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի մայրաքաղաքի հարաւային արուարձանները Չորեքշաբթի, Փետրուար 19ի առաւօտեան դարձեալ ցնցուեցան երկու պայթումներու հետեւանքով:
Պայթումները տեղի ունեցան Պիր Հասան շրջանին մէջ, իրանեան մշակութային կեդրոնի մը մօտ՝ խլելով առնուազն վեց զոհեր եւ տասնեակներով վիրաւորներ:
Ըստ նախնական տուեալներու՝ իրարմէ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ տեղի ունեցած երկու պայթումներէն առնուազն մէկը անձնասպանական գործողութեան հետեւանք էր:
Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց «Քայիտա»ի զինակից «Ապտալլա Ազզամ ջոկատներ» անունով ծանօթ խմբակը, որ ստանձնած էր նաեւ Պէյրութի իրանեան դեսպանատան վրայ յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Խմբակը սպառնացած է Իրանի եւ «անոր կուսակցութեան», այսինքն՝ «Հըզպալլա»ի, վրայ յարձակումները շարունակել:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր հրթիռներ ինկած են Լիբանանի Պեքաա հովիտի արեւելեան շրջաններուն մէջ, որոնց արձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Սուրիոյ մէջ իշխանութեանց դէմ ճակատող եւ «Քայիտա»ի դաշնակից «Նուսրա Ճակատ»ի հրամանատարութիւնը: Այս յարձակումը մարդկային զոհեր չէ խլած:







All the contents on this site are copyrighted ©.