2014-02-20 10:30:08

Միացեալ Նահանգներ սառեցուցած է Իրանեան կայանին դէմ պատժամիջոցները


ԹԵՀՐԱՆ, «Փրէս Թի.Վի.».- Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան հաղորդած է, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները վեց ամիսով սառեցուցած են Իրանի պետական «Այ.Առ.Այ.Պի.» պատկերասփիւռի կայանին դէմ պատժամիջոցները, որուն շնորհիւ արբանեակային կապ տրամադրող արտասահմանեան ընկերութիւնները դարձեալ կրնան ծառայութիւններ մատուցել իրանեան պատկերասփիւռի կայանին՝ առանց ամերիկեան պատժամիջոցներու մտավախութենէն:
Նախապէս, Ուաշինկթըն այդ կայանը մեղադրած էր սփռուած նիւթերը աղաւաղելու յանցանքով:
Պաշտօնատարը յայտնած է, թէ այս պատժամիջոցին ջնջումը կապուած չէ Արեւմուտքի եւ Իրանի միջեւ հիւլէական համաձայնութեան հետ, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներ պարտաւորութիւն ստանձնած էր ջնջելու Իրանի դէմ որոշ պատժամիջոցներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.