2014-02-20 14:57:47

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի զեկոյցը կարտինալական ընդհանուր հաւաքի մասին։


Հինգշաբթի, 19 փետրուարի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, լրագրողներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնց ներկայացուց` 20 եւ 21 փետրուարին, Վատիկանի մէջ գումարուած Կարտինալական ընդհանուր Ժողովի մասին տեղեկութիւններ։
Հայր Լոմպարտին նշեց` 20 փետրուարի առաւօտեան նիստի ընթացքին, Ընտանիքի նիւթին մասին, Կարտինալական ժողովի բացման ելոյթները, յատկապէս ընդգծելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողջոյնի խօսքերը որոնք ''ժողովի ուղեգիծը կը ներկայացնեն'' – ըսաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը յայտնելով որ ժողովին մասնակցեցան 150 կարտինալներ։ Ան ապա մատնանշեց թէ առաւօտեան նիստի ընթացքին Կարտինալ Գասբեր ներկայացուց երկարաշունչ զեկոյց մը ''ընտանիքի'' նիւթին մասին ու ապա ներկայ լրագրողներուն կարդաց զեկոյցի վերջաբանը ուր Կարտինալը, ի մէջ այլոց, կ՛ըսէ, ''Պէտք ենք խօսքով ու գործով սատարել որպէսզի անհատները ընտանիքի մէջ գտնեն երջանկութիւնը եւ վկայութիւն տան իրենց այս ուրախութեան։ Պէտք է վերըմբռնել ընտանիքը որպէս ''տնային Եկեղեցի'' ու զայն դարձնել առանձնաշնորհեալ վայր մը նոր աւետարանումի եւ Եկեղեցւոյ վերանորոգումին. Եկեղեցի մը որ կ՛ընթանայ ժողովուրդին մօտ ու ժողովուրդին հետ։ Ընտանիքի մէջ անհատները իրենց տունին մէջ են։ Ընտանիքներու մէջ Եկեղեցին կը վերագտնէ կեանքի իրականութիւնը։ Ասոր համար ընտանիքները` նոր աւետարանութեան մարտահրաւէրներու եւ հովութեան փորձի վայր մըն են։ Ընտանիքը ապագայ է։ Եկեղեցին ալ ապագայի ճանպարհը կը կազմէ։
Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին հուսկ ներկայացուց Կարտինալ գասբերի զեկոյցի մասին ընդհանուր ակնարկ մը, մատնանշելով զեկոյցի զանազան նիւթերուն ուր կը խօսուի նաեւ ամուսնալուծուած զոյգերու մասին։ Մէջբերելով ապա Կարտինալ Գասբերի խօսքերը Հայր Լոմպարտին շեշտեց թէ այս զեկոյցը պարզապէս նախաբան մըն է յառաջիկայ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որ պիտի քննարկէ Ընտանիքի Հովութեան հարցերը փորձելով հաւատալի պատասխաններ արտադրել։







All the contents on this site are copyrighted ©.