2014-02-20 11:09:56

''Ընտանիքը այսօր արհամարուած ու չարաշահուած է սակայն կը մնայ մարդկային ընկերութեան հիմնական բջիջը'' ըսաւ Քահանայապետը, Ընտանիքի մասին գումարուած կարտինալական ընդհանուր ժողովի բացման առթիւ։


Հինգշաբթի 20 եւ ուրբաթ 21 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի որոշումով, Վատիկանի Սիւնհոդոսական Սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ, Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ, Կարտինալական ընդհանուր ժողով մը, խորհրդածելու համար ''Ընտանիքի'' նիւթին մասին, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին նախատեսուած` ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։
Ժողովը սկիզբ առաւ առաւօրեան ժամը 9,30-ին ''Երրորդ Ժամու'' ժամասացութեամբ, որմէ ետք Կարտինալական դասի գահերէցը` Կարտինալ Անճելօ Սոտանոն, ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն։ Հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հակիրճ զեկոյց մը ներկայացուց։ Ապա սկիզբ առաւ խորհրդածական նիստը որուն ընթացքին Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ` Կարտինալ Վալթէր Գասբեր, ներածական զեկուցում մը ներկայացուց ''Ընտանիքի'' նիւթին մասին, որուն աւարտին տեղի կ՛ունենան կարտինալներու ազատ միջամտութիւնները։
Կարտինալներու խորհրդածական այս ժողովի նիստերը բաժնուած են երկու մասերու. Առաւօտեան ժամը 9,30էն - 12,30 եւ յետմիջօրէին 16,30-19,00։ Ժողովը վերջ կը գտնէ, ուրբաթ 21 փետրուարի երեկոյեան, իսկ շաբաթ 22 փետրուարին` Սուրբ Պետրոս առաքելապետի աթոռի տօնին օրը, նախատեսուած է նոր նշանակաուած 19 Կարտինալներու, կարտինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը։

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մատնանշեց թէ ''Ընտանիքը մարդկային ընկերութեան հիմնական բջիջն է... Ի սկզբանէ Արարիչը օրհնեց այրն ու կինը, որպէսզի ըլլան պտղաբեր եւ բազմանան։ Այսպէսով, Ընտանիքը աշխարհի մէջ կը ներկայացնէ Աստուծոյ արտացոլումը` մէկ եւ երրեակ – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ընդգծեց թէ ''Մեր այս ժողովի ընթացքին պիտի խոհրդածենք ընտանիքի եւ ամուսնութեան գեղեցկութեան մասին, խորացնելով ընտանիքի աստուածաբանութիւնը եւ անոր վերաբերող ներկայ ժամանակի հովութիւնը''։
Ընտանիքը այսօր արհամարուած է, չարաշահուած է ու մեզմէ կը պահանջուի ապացուցել ընտանիքի վերապահուած Աստուածային լուսաւոր ծրագիրը եւ օգնել զոյգերը իրենց կեանքը ապրելու ուրախութեամբ, աջակցելով անոնց ապրած դժուարութիւններուն – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, նախ քան խօսքը եզրափակելը, շնորհակալութիւն յայտնելով Կարտինալ Գասբերի ներակայացնելիք զեկուցումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.