2014-02-20 10:21:25

Առնուազն 28 զոհ կ՛արձանագրուի Ուքրանիոյ բախումներուն ընթացքին:


Երեքշաբթի, Փետրուար 18ի երեկոյեան, Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ սկսան եւ Չորեքշաբթի օր շարունակուեցան ծանր բախումներ՝ ամիսներէ ի վեր մայրաքաղաքի Եւրոպական հրապարակին վրայ ցոյց կատարողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ: Ըստ Չորեքշաբթի օրուան տուեալներուն՝ առնուազն 28 զոհ արձանագրուած է ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան շարքերուն մէջ:
Կառավարութիւնը որոշեց փակել Քիեւ տանող բոլոր ճամբաները եւ Չորեքշաբթի օր պաշտօնազրկեց բանակի հրամանատարը, տագնապին յաւելեալ սրումէն խուսափելու համար:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ խօսեցաւ «քաղաքական ղեկավարութեան» պատասխանատուութեան մասին, իսկ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներ յայտնեցին, որ կասկած չունին, թէ դէպքերուն պատասխանատուները ուքրանական իշխանութիւններն են:








All the contents on this site are copyrighted ©.