2014-02-20 10:32:34

«Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն քաղաքական համագործակցութիւնը կը շարունակուի»` յայտնած է Արթուր Բաղդասարեան


Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը ապահովող 2014-2015 թուականներու նախաձեռնութիւններու նոր ցանկի նախագիծը քննարկուած է եւ հաւանութեան արժանացած եւրոպական կառոյցներուն հետ Հայաստանի պետական մարմիններու համագործակցութիւնը համակարգող միջնախարարական յանձնախումբի 17-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի 19 փետրուարին, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, միջնախարարական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Բաղդասարեանի նախագահութեամբ:
«Այս նիստը կարեւոր է թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ բովանդակային առումով: Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ առկայ անկումներուն, իսկ որոշ յոռետեսներ կը խօսին նոյնիսկ տապալման մասին: Ես կը ցանկամ զանոնք հիասթափեցնել` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն քաղաքական համագործակցութիւնը կը շարունակուի», շեշտեց Բաղդասարեան: Ըստ անոր, այս տարիէն սկսեալ արդէն Հայաստանի քաղաքացիները կ՛ունենան դիւրացուած այցեգրային դրութիւն, կրնան առանց արգելքներու մեկնիլ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ, գործարարները կրնան շուրջ 6000 արտադրատեսակներ արտահանել Եւրոպական Միութիւն` առանց մաքսատուրքերու կամ շատ զեղչուած սակագիներով:
Բաղդասարեան տեղեկացուց նաեւ, որ ձեւաւորուած օրակարգի ծիրին մէջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան դատական-իրաւական համակարգին ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ, եւ պիտի արդիականացուի Հայաստանի քաղաքական համակարգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.