2014-02-19 11:09:20

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը ''Ապաշխարութեան Խորհուրդը''։


Չորեքշաբթի, 19 փետրուար, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Ունկնդրութեան ընթացքին, շարունակելով Քրիստոնեայ նախապատրաստումի Խորհուրդներու մասին խորհրդածութիւնները, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց ''Ապաշխարութեան'' խորհուրդին վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – Ապաշխարութեան խորհուրդը կը վխտայ Զատկական խորհուրդէն։ Յիսուս իր Յարութենէն ետք, աշակերտներուն երեւնալով անոնց վրայ փչեց իր շունչը ըսելով` ''ընդունեցէք Սուրբ Հոգին։ Անոնց որոնց մեղքերը ներէք, պիտի ներուին, իսկ անոնց որոնց մեղքերը կապէք` պիտի կապուին։ '' Արդարեւ - յարեց Սրբազան Հայրը - մեր մեղքերու թողութիւնը մեր ջանքերու պտուղը չէ, այլ Սուրբ Հոգիի տուած պարգեւ մըն է, որ մեզ կը լիացնէ իր ողորմութեամբ եւ այն շնորհքով որ կը բխի խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսի վսեմ բաց սրտէն։
Ապաշխարութեան խորհուրդը ժամանակի ընթացքին, հրապարակային բնոյթէն անցաւ առանձնական բնոյթի, խոստովանանքի մէջ։ Քահանան զԱստուած կը ներկայացնէ, ու կը ներկայացնէ նաեւ համայն հասարակութիւնը որ կը ճանչնայ իր ''տկարութիւնը'', իրեն անդամ ամէն մէկ անհատի մէջ։ Սուրբ Հոգին ներկայ է հասարակութեան ու կը վերանորոգէ սրտերը որպէսզի կարենան սիրել զԱստուaծ ու բոլոր եղբայրները իրարու կը միացնէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Հասարակութիւնը, քահանային միջոցաւ, կ՛ունկընդրէ ապաշխարողը, անոր հետ կը հաշտուի եւ զինք կը քաջալերէ շարունակելու ապաշխարութեան ճանապարհը եւ քրիստոնեայ ու մարդկային հասունութեան ուղեւորութիւնը։
Այս խորհուրդը Եկեղեցւոյ ձեռքերուն մէջ իսկական գանձ մըն է, որ շատ անգամ կ՛անտեսենք - ըսաւ Քահանայապետը - որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեղքին իմաստը ու կորսնցուցած ենք նաեւ Աստուծոյ նոյնինքն իմաստը։ Ամէն մէկը մղուած է ինքզինք նկատելու որպէս կեդրոն, եւ որպէս ամէն հարցի չափանիշ։Սակայն երբ կը փակուինք մենք մեր մէջ, խիղճը կրնայ մթագնիլ եւ անգիտակցաբար կ՛ընթանանք կորստեան։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը, Ապաշխարութեան խորհուրդը կը նշանակէ Հօր մը անսահման ողորմութեան ջերմ ողջագուրումը` որ կը բացայայտուի մեզ վերագտած ըլլալու ուրախութեան մէջ։ Թոյլ տանք որ Աստուծոյ սէրը մեզ վերածնի որպէս որդիներ ու մեզ հաշտեցնէ Իր հետ, մենք մեզ ու մեր եղբայրներուն հետ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ, Տիրամայրը ձեզ օգնէ հասկնալու զոհաբերումի արժէքը ձեր մարդկային եւ քրիստոնէական կազմաւորումի ընթացքին, ձեզի սիրելի հիւանդներ թիկունք կանգնի որպէսզի հիւանդութեան ցաւերը դիմագրաւէք քաջութեամբ եւ համբերութեամբ, եւ ձեզ սիրելի նորապսակեալներ առաջնորդէ որպէսզի ձեր ընտանիքը կառուցէք հաստատ հիմերու վրայ` Աստուծոյ կամքի հաւատարմութեան վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.