2014-02-19 09:19:18

Քիեւի մէջ ուժգին բախումներ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ


Երեքշաբթի, 18 փետրուարին երեկոյեան, Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ ծայր առաւ իսկական փողոցային պատերազմ ամիսներէ ի վեր մայրաքաղաքի Եւրոպական հրապարակին վրայ ցոյց կատարողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ: Կառավարութիւնը որոշեց փակել Քիեւ տանող բոլոր ճամբաները` մարդկային կորուստներէ եւ տագնապի սրումէն խուսափելու համար:
Ոստիկանները փորձեցին գրաւել Եւրոպական հրապարակի ցուցարարներուն ճամբարները, որոնց կը հսկէին 15-25 հազար ցուցարարներ: Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ի, ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին լսուած են պայթումներ: Ուքրանական յատուկ ջոկատայիններու հրասայլերը փորձեցին խզել ցուցարարներուն ամիսներէ ի վեր կանգնեցուցած պատնէշները:
Աւելի ուշ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 6 ոստիկաններ: Քաղաքային ցուցարարներու շարքերուն մէջ եւս արձանագրուած են կորուստներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.