2014-02-19 13:23:49

Քահանայապետական Անուանումներ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իրենց պաշտօններու վրայ վերահաստատեց` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Քիւրդ Քոխը։

Չորեքշաբթի 19 փետրուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պաշտօնի վրայ վերահաստատեց` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, ու ժողովի քարտուար` գերապայծառ Շիրիլ Վազիլը։ Նորին Սրբութիւնը իրենց պաշտօնին վրայ վերահաստատեց նաեւ Ժողովի խորհրդատու անդամները։ Սրբազան Հայրը ապա նշանակեց Ժողովի նոր անդամներ որոնց շարքին Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներու Պատրիարք` Գերերջանիկ Աբրահամ Իսաաք Սիտրաքը եւ Գաղտէացիներու Պատրիարք` Գերապատիւ Լուիս Րաֆաէլ Սաքօ։ Սրբազան Հայրը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի անդամ անուանեց նաեւ` Հռոմի թեմի Քահանայապետի տեղակալ՝ Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին, Վատիկանի Պետքարտուղար՝ Գերապայծառ Փիէթրօ Փարոլինը, Հաւատոյ դաւանանքի ժողովի Նախագահ՝ Գերապայծառ Լուտվիկ Միւլլէր, Վէսթմինսթէր թեմի արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Վինսէնթ Կէրարտ Նիքոլս, Պուէնոս Այրէս թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Մարիօ Աուրէլիօ Փոլի, Մէլպուրն թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Տէնիս Ժէյմս Հարդ, ու այլ եպիսկոպոսներ։ Նորին Սրբութիւնը, հաստատեց ապա հետեւեալ անդամները` Կարտինալ Քրիսթոֆ Շոնպորն , Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, Գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ Պատրիարքը, Գերապայծառ Պէրհանէյէսուս Տէմէրէվ Սուրաֆիէլ, Գերապայծառ Փիէրօ Մարինին եւ գերապայծառ Անթուան Աուտօ։

Ֆրանչիսկոս Պապը նմանապէս իր պաշտօնի վրայ վերահաստատեց Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Քիւրդ Քոխը, խորհուրդի քարտուղարը` գերապայծառ Պրայեն Ֆարրելը եւ Խորհուրդի խորհրդական մարմինը։







All the contents on this site are copyrighted ©.