2014-02-19 14:31:08

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորական ուղերձը Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով


Երկուշաբթի, 17 փետրուար 2014-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց վարչապետ Թամամ Սալամին, լիբանանեան նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Նամակին մէջ, Հոգեւոր Տէրը հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ համայնքին զաւակներուն անունով վարչապետին կը փոխանցէ Լիբանանի խաղաղութեան ու բարօրութեան ամրապնդման իր բարեմաղթանքները:







All the contents on this site are copyrighted ©.