2014-02-19 09:43:09

Հունգարահայերը կը ծրագրեն Պուտափեշտի մէջ Գուրգէն Մարգարեանի յուշարձանը կանգնեցնել։


Ատրպէյճանցի ոճրագործին կողմէ դաւադրաբար սպաննուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մահուան 10-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ տեղի կ’ունենայ Փետրուար 19-ին Հունգարիոյ Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ կեդրոնի նախագահ Նիկողոս Յակոբեանը նշած է, հայ համայնքի անդամները ծաղիկներ պիտի դնեն Տանուպ գետի ափին
տեղադրուած խաչքարին մօտ, որմէ ետք Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ բանախօսութեամբ հանդէս պիտի գան Հունգարիոյ հասարակական գործիչներ, որոնք սաֆարովի արտայանձնումէն ետք այցելած են Հայաստան եւ ներողութիւն խնդրած են Մարգարեանի ծնողներէն: «Դեռեւս անցեալ տարուընէ նպատակադրուաած ենք Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին նուիրուած յուշարձան կանգնեցնել ակադեմիայի մէջ, ուր ան սպաննուած էր:
«Թոյլտուութիւն ստանալու համար կը պատրաստուինք դիմել Պաշտպանութեան նախարարութեան, որպէսզի կարենանք սկսիլ աշխատանքները: Պէտք է նշեմ, որ Սաֆարովի արտայանձնումէն ի վեր գործի հետ կապուած հարցերը թապու դարձած են հունգարացիներու համար: Ապրիլին այստեղ կը նախատեսուին ընտրութիւններ. իշխանութեան ու քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները շատ զուսպ եւ զգոյշ են»,- նշած է Յակոբեանը` աւելցնելով, որ յուշարձանի կանգնեցման դիմումը պիտի ներկայացուի ընտրութիւններէն ետք: «Ընտրութիւններն ետք պարզ կ’ըլլայ կառավարութեան նոր կազմը, եւ Մայիսին արդէն պատրաստուած նախագծերով կը դիմենք կառավարութեան, միւս պատկան մարմիններուն եւ անձերուն: Կը կարծեմ, որ յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւններ ունինք»,- ընդգծած է ան:

19 Փետրուար 2004-ին Պուտափեշտի մէջ ատրպէյճանցի ոճրագործ սպայ Ռամիլ Սաֆարովը քնացած ժամանակ կացնահարեց Հայաստանի ԶՈՒ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Սպաները Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցէին անգլերէն դասընթացներու ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագրի ծիրէն ներս: 2006-ի Ապրիլ 3–ին Հունգարիոյ դատարանը դատապարտեց Ռամիլ Սաֆարովը ցմահ բանտարկութեան առանց ներման իրաւունքի առաջին 30 տարիներուն: 2012-ի Օգոստոս 31-ին Հունգարիոյ իշխանութիւնները որոշում կայացուցին Սաֆարովը արտայանձնել Ատրոէճյանին: Արտայանձննումէն ետք մարդասպանը Ատրպէյճանի մէջ ոչ միայն ազատ արձակուեցաւ, այլ նաեւ մայորի կոչում ստացաւ, արժանացաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ներման, ապահովուեցաւ բնակարանով, անձնագիրով եւ հերոսացուեցաւ: Հայաստանը խզեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները Հունգարիոյ հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.