2014-02-19 09:39:27

Հայաստանի մէջ փետրուար 19-ը գիրք նուիրելու օրն է։


Հայաստանի մէջ Փետրուար 19-ին կը նշուի Գիրք նուիրելու օրը: Ան սահմանուած է 2008-ին` Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի որոշումով:
Փետրուար 19-ը պատահական չէ ընտրուած. 1869-ի այս օրը ծնած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը:
Ըստ աւանդոյթի` այսօր պէտք է գիրքեր նուիրել գրադարաններուն, ընկերներուն, մտերիմներուն: Այս տարի եւս օրը Երեւանի մէջ կը նշուի տարբեր ձեռնարկներով: «Բուկինիստ» գրախանութը անվճար գիրքեր կը բաժանէ իր բոլոր գնորդներուն: Ժամը 10:00-20:00-ը բոլոր գնորդները կը ստանան նուէր` գիրք, ինչպէս նաեւ կուտակային զեղչի քարտ: Ժամը 13:00-15:00-ը գրախանութին դիմաց տեղի կ’ունենայ գրքախաղ: Գիրք նուիրելու օրուան նուիրուած մեծ ձեռնարկ մը նախատեսուած նաեւ Ազգային գրադարանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.