2014-02-19 09:16:48

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 Մարդիկ թող խօսին... Դուն քու ճամբադ գնա՛
Ամէն մարդ անուղղակի վախ կը զգայ, երբ հանրային հզօր կարծիքին վկայութիւնը պիտի լսէ իր մասին: Սակայն, մարդիկ կը մոռնան, թէ՝ չկայ ո՝չ իսկ մէկ մարդ այս աշխարհի վրայ, որուն մասին միայն լաւ խօսած ըլլան ուրիշներ: Ասիկա ունի անշուշտ իր տոկոսային արժէքը, այսինքն՝ եթէ լաւ խօսողները աւելի շատ ըլլան տարբեր կարծիք կը կազմուի տուեալ անձին մասին, իսկ եթէ հակառակը պատահի՝ հակառակը: Բայց իրողութիւնը կը մնայ այն, թէ՝ չկայ մէկը, որուն մասին միատեսակ կարծիք յայտնած ըլլայ հանրութիւնը: Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՝ըսէ. «Ամէն մարդ, ամէն մարդու կողմէ չի՛ սիրուիր», կամ՝ «Ամէն մարդ այս կեանքի մէջ կ՛ունենայ զինք սիրողներն ու ատողները»: Քրիստոնէական պատմութեան էջերուն զարդը հանդիսացող սուրբերը ճիշդ այդպիսի կերպարներ են: Անոնք ամէնուն կողմէ սիրելի չեղան, հակառակ իրենց ամբասիր վարքին ու նկարագիրին: Անոնց ուղղամտութիւնը յաճախ զիրենք ատելի դարձուց հեթանոսական վարքով ապրիլ շարունակող քրիստոնեայ իշխանաւորներուն, որոնք մահով վերջ դրին անոնց կեանքին, լռեցնելու համար զիրենք յանդիմանող լեզուները:
Այս առումով ամէնէն ցցուն օրինակը կու գայ մեզի Նոր Կտակարանի էջերէն, երբ Հերովդէս արքան, իր ծննդեան տարեդարձին օրը, մէկ կողմէ իր սիրուհիին կաքաւող աղջկան՝ Հերովդիադայի կամքը կատարելով գլխատել կու տայ Յովհաննէս Մկրտիչը, միւս կողմէ սակայն, իր այդ հրահանգով լռութեան կ՛ուզէ մատնել զինք յանդիմանող լեզուն՝ Յովհաննէս Մարգարէն: Ան էր որ հրապարակաւ կը պախարակէր զինք, եղբօր կինը՝ Հերովդիան յափշտակելով, անոր հետ անօրէն կենակցութիւնն վարելուն պատճառաւ: Ուրեմն, սուրբերը եւս անմասն չեն որոշ անձերու համար ատելի ըլլալու իրավիճակէն, ու մանաւանդ այդ ատելութեան զոհ երթալու ցաւագին պատահարներէն: Սակայն անոնք Աստուծոյ փառքին համար կը գործէին, ասոր համար ալ քաջաբար կը դիմակալէին մահը, առանց երկիւղ ունենալու անոր ցաւատանջ արհաւիրքէն:
Բնական երեւոյթ է որ՝ ոմանք իրենց համբաւը, վարկը ու անունը արատաւորուած կը տեսնեն մարդոց խօսքին պատճառով, ու կը մտահոգուին ատոր համար: Լաւագոյնը պիտի ըլլար ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութիւնը կիրարկել, յիշելով ժողովրդային իմաստութիւնը որ է՝ . «Մէկուն մասին խօսուելէն շատ աւելի վատը, անոր մասին բնա՛ւ չխօսուիլն է»: Այս ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութիւնը նախ կը յայտնաբերէ մարդուն արժէքը: Եթէ խօսուելու արժանի անձ է, անոր մասին դրական կամ ժխտական կը խօսին մարդիկ: Երկու պարագաներուն ալ՝ թէ՛ դրականին եւ թէ ժխտականին, խօսուելու արժանի ըլլալու երեւոյթը ի յայտ կու գայ: Եթէ խօսուելու արժանի չէ՛, կը նշանակէ թէ անարժէք կամ անպիտան է անձը, եւ կամ այնքան սովորական գոյութիւն, ինչքան շնչող բոյսը, կամ այլ շնչաւոր արարածներ: Երկրորդ մտածումը որ դարձեալ ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութիւնը կ՛ուսուցանէ, կու գայ Տանթէէն: Ան կ՛ըսէ. «Դուն քու ճամբադ գնա՛, եւ մարդիկ ի՛նչ որ կ՛ուզեն թող ըսեն քու մասիդ»: Ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութեան մէջ ամէնէն ինքնավստահ պատասխանն է այս, կեանքէն եկող մարտահրաւէրներուն, եւ խօսքի ճամբով մարդուն պատճառուող անարգանքին: Սակայն, նոյն ինքնավստահութիւնը նաեւ կարեւոր է գնահատուելու երեւոյթին դիմաց, իբրեւ ինքնապաշտպանութիւն: Որովհետեւ նոյն գնահատող բերանն է որ կրնայ պարագաներու բերումով դառնալ բամբասող բերան: Խօսքը, որ նաեւ հեղինակութիւն կ՛արտայայտէ, յանկարծ կրնայ «գունափոխուիլ», կորսնցնել իր արժէքը, եւ ճիշդ հակառակ դիրքը գրաւելով քարկոծել այն տունը, ուր ի՛նք «գիշերած էր» նախորդ օր: Բայց ինքնամխիթարութեան փիլիսոփայութիւնը կը յիշեցնէ, որ մէկուն մասին խօսուիլը աւելի լաւ է, քան բնա՛ւ չխօսուիլը: Մտահոգիչ պիտի դառնայ այն կացութիւնը երբ մարդ հարց տայ ինք իրեն ըսելով. - Հապա՞ եթէ չխօսին…: Աւելի դժբախտ պէտք է համարես դուն քեզ, եթէ բնա՛ւ չխօսին քու մասիդ: Իսկ բաւարարուած՝ եթէ խօսին լաւ կամ վատ: Ո՛չ լաւ խօսքէն շփացիր, ոչ ալ վատէն յուսահատիր: »Դուն քու ճամբադ գնա՛«, ինչպէս կ՝ըսէ Տանթէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.