2014-02-19 09:47:53

''Կրօն եւ Բռնութիւն'' խորագիրով գիտաժողով Հռոմի ''Սան Էճիտիոյի'' հասարակութեան կեդրոնին մէջ


Չորեքշաբթի, 19 փետրուար, առաւօտեան ժամը 9,30 ին, Հռոմի Սան Էճիտիոյ բարեսիրական կեդրոնի սրահին մէջ
կազմարերպուած է գիտաժողով մը՝ կրօններու եւ բռնութիւններու վերաբերեալ, վերոյիշեալ կեդրոնի նախաձեռնութեամբ։
Գիտաժողովին կը մասնակցին Սան Էճիտիոյի հիմնադիրները, Քահանայապետական Քրիստոնեաներու Միութեան Ժողովի
երբեմնի նախագահ` կարտինալ Վալթէր Քասբէր եւ Հռոմի Ռաբունապետ` Ռիգարտօ Տի Սէնյի եւ այլ հեղինակաւոր ՝ Քրիստոնեայ, Հրեայ, Իսլամ կրօններու պատկանող հոգեւոր անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներ, գիտնականներ եւ վերլուծողներ։
''Կրօն եւ Բռնութիւն''Գիտաժողովին մասնակցողները կը քննարկեն , Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի Իրանի, Իրաքի, եւ Փաքիստանի մէջ կրօններու եւ բռնութիւններու հայող հարցերը, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մէջ ցեղային հակասութիւնները եւ գաղթականութեան երեւոյթը։







All the contents on this site are copyrighted ©.