2014-02-18 10:18:36

Մինչ Քերրի Ռուսիան կը հրաւիրէ չ'աջակցելու Սուրիոյ կառավարութեան
Մոսկուա Ուաշինկթընի կը թելադրէ Սուրիական կառավարութեան հետ ուղղակի կապ հաստատել


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը սուրիական ընդդիմութեան մէկ փոքր մասը կը ներկայացնէ եւ ոչ բոլորը»:
Ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի «Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան հիմք ծառայող որեւէ որոշում պիտի չորդեգրէ, եւ կողմերը, որոնք ընդդիմութիւնը զէնքերով կը մատակարարեն, կրնան նաեւ մարդասիրական նիւթեր մատակարարել»:
Լաւրով Ուաշինկթընի կոչ ուղղեց սուրիական կառավարութեան հետ սեփական կապ հաստատելու` փոխանակ շարունակ Մոսկուային թելադրելու Ասատի կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնել:
Քերրի՝ Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Ռուսիա Ասատի կառավարութեան աջակցելու փոխարէն պէտք է Սուրիոյ մէջ լուծումին մաս կազմէ»: Ան Ռուսիան Ասատի իշխանութեան վրայ մնալուն համար պատասխանատու նկատեց:
Մինչ այդ, «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Քալամունի Եապրուտ, Սլիթա եւ Սահալ գիւղերէն շուրջ հազար ընտանիքներ փախուստ տուին դէպի Լիբանանի հիւսիսային Պեքաա շրջանին մէջ գտնուող Արսալ շրջան: Կայքը կը նշէ, որ սուրիական այդ գիւղերուն բնակչութեան շուրջ 85 առ հարիւրը հեռացած են իրենց գիւղերէն, իսկ մնացեալ 15 առ հարիւրը մնացած են հազարաւոր զինեալներու կողքին, որոնք փոքր եւ միջին չափի զէնքերով զինուած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.