2014-02-18 09:51:05

Եւրոպական Միութիւնը դադրեցուցած է Զուիցերիոյ հետ բանակցութիւնները


«Տէօչը Վելէ» կը գրէ, որ ներգաղթեալներու հոսքը սահմանափակելու վերաբերեալ Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին արդիւնքներուն լոյսին տակ, Եւրոպական Միութիւնը դադրեցուցած է գիտական հետազօտութիւններու զարգացման եւ ուսանողական փոխանակման ծրագիրներուն մէջ Զուիցերիոյ մասնակցութեան շուրջ բանակցութիւնները, այս պատճառով ալ երկիրը պիտի զրկուի այդ նպատակներով Պրիւքսէլի տրամադրած միլիառաւոր գումարներէն:
Անցեալ շաբաթ Զուիցերիոյ արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան բաժանմունքի ղեկավար Սիմոնեթա Սոմարուկա Խրուաթիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնած էր, որ համաձայն նոր կանոններուն, պիտի սահմանափակուի վերջերս Եւրոպական Միութեան կազմ մտած այդ երկրէն ներգաղթեալներու Զուիցերիա մուտքը:
Միեւնոյն ժամանակ Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհուրդը խոստացած է քննարկել հաւանական որոշումները, որոնք պիտի արտօնեն խտրականութիւն չցուցաբերել Խրուաթիոյ նկատմամբ:
Զուիցերիոյ ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչները յայտարարած են նոր հանրաքուէ կատարելու մտադրութեան մասին` վկայակոչելով այն, որ Եւրոպական Միութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները վտանգուած են:
«Երկրին քաղաքացիները պէտք է կարելիութիւն ստանան ընտրութիւն կատարելու ներգաղթը սահմանափակելու մասին նախաձեռնութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման երաշխիքներու միջեւ», ըսած է կուսակցութեան նախագահ Քրիսթիան Լեւրա:








All the contents on this site are copyrighted ©.