2014-02-18 11:50:40

''Sacrosanctum Concilium'' խորագրեալ սահմանադրութեան 50 ամեակի նուիրուած՝ գիտաժողովը։


Երեքշաբթի, 18 փետրուարին, Հռոմի Լատերանեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ, սկիզբ առաւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի ''Sacrosanctum Concilium'' խորագրեալ սահմանադրութեան 50 ամեակին նուիրուած գիտաժողովը։
Գիտաժողովին նպատակն է, տօնախմբել՝ Պօղոս Զ. երջանկայիշատակ Քահանայապետին, 4 դեկտեմբեր 1963 ին ստորագրած` Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին ''Sacrosanctum Concilium'' սահմանադրութեան, 50-րդ տարեդարձը:
Վերոյիշեալ գիտաժողովին, առաջին օրը, ելոյթ կ՛ունենայ Աստուածային Պաշտամունքի ժողովի նախագահ՝ Կարտինալ Անթոնիօ Քանիզարէս, Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն եւ Սուրբերու դատի ժողովի նախագահ՝ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ։
Չորեքշաբթի, 19 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 08,00 ին, Վատիակնի Պետական Քարտուղար` Գերապայծառ Փարոլինը, սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, ժողովականներու մասնակցութեամբ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ու ապա նիստի երկրորդ օրուայ առթիւ ելոյթ կ՛ունենան Կարտինալ Ֆրանք Րոտէ Նուիրեալ անձերու եւ առաքեալական կեանքի ժողովի երբեմնի կառավարիչը, Կարտինալ Փիդէր Էրտօ` Հունգարիոյ առաջնորդը եւ Կարտինալ Րայմոնտ Պուրք, առաքեալական ատեանի կառավարիչը։
Գիտաժողովը վերջ կը գտնէ հինգշաբթի 20 փետրուարին, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Փիթէր Թուրքսոնի եւ գերապայծառ Սավիօ Հոն Թայ Ֆայ-ի ժողովուրդներու աւետարանումի Ժողովի քարտուղարի զրոյցներով։
Նշենք, թէ ''Sacrosanctum Concilium'' սահմանադրութեան 50 ամեակի առթիւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը 2014-ը հռչակեց Ծէսին նուիրուած Յոբելինական Տարի որուն բացումը կատարուեցաւ անցեալ 26 յունուար 2014ին , Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.