2014-02-18 10:51:06

124 քուրիացի նահատակներ երանելի կը հռչակուին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վաւերացուցած է սուրբերու դատի ժողովի 124 քուրիացի նահատակներուն երանացումի խնդրագիրը։Անոնք 1791-ին իրենց արիւնը թափեցին Քրիստոսի սիրոյն։
124 քուրիացիներու նահատկութեան ճանաչումը յատուկ նշանակութիւն ունի, քանի ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը պատրաստուի Քուրիա այցելել յառաջիկայ օգոստոսին։ Հաւանաբար, Սրբազան Քահանայապետը, անձամբ պիտի գլխաւորէ երանացման արարողութիւնը, իր առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը նոյնպէս ճանչցաւ նահատակութիւնը սարտենիացի հայր ֆրանչեսքօ Զիրանոյի (1564-1603) որ Ալճերիոյ մէջ մահմետականներու ձեռքով նահատակուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.