2014-02-18 09:52:49

10 000 բժիշկ լքած է Սուրիան


Սուրիոյ Բժիշկներու Սենտիքան կը յայտնէ թէ` երկրի տագնապին հետեւանքով Սուրիայէն գաղթած բժիշկներուն թիւը կը տարուբերի 30-40% ի միջեւ: Ան կը նշէ թէ` նախքան տագնապը սենտիքային մօտ արձանագրուած սուրիացի բժիշկներու թիւը հասած էր 30.000-ի: Անոնց շուրջ 10.000-ը լքած է երկիրը: Սենտիքան բժիշկներու արտագաղթը վերագրած է զինեալ խմբաւորումներու կողմէ անոնց ուղղուած սպառնալիքներուն եւ առեւանգումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.