2014-02-18 09:41:49

100-ամեակի մարմինը այցելեց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքին


Լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն տրուած զեկուցական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ տեսակցեցաւ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ պատրիարքութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամներ «Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու հայր Վարդան Գազանճեան եւ Սարգիս Նաճարեան:
Մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան զեկուցեց մարմինին կողմէ համակարգուող եւ նախաձեռնուող ձեռնարկներու եւ աշխատանքային ծրագիրին ընդհանուր նախագիծին մասին: Հոգեւոր Տէրը կատարելով որոշ մատնանշումներ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց յագեցած ծրագիրին եւ մաղթեց, որ գաղութը բաղկացնող բոլոր շրջանակները համախմբուին այս ծրագիրները իրականացնելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.