2014-02-17 11:58:58

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Հռոմի ս. Թովմաս առաքեալի ժողովրդապետութեան` հանդիպում ու հայրական խօսք` մանուկներուն, ծնողներուն, հիւանդներուն եւ ընտանիքներուն։


Կիրակի, 16 փետրուար 2014, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կատարեց, ս. Թովմաս առաքեալի նուիրուած ժողովրդապետութեան։
Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ ժողովրդապետութեան զանազան մարմիններու հետ եւ ապա մատոյց ս. պատարագ։
Նշենք որ Սրբազան Հօրը հովուական այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ ժողովրդապետութեան հաստատումին 50-րդ տարեդարձին։
Վերոյիշեալ Ժողովրդապաետական հասարակութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 20 հազար հաւատացեալ։
Սրբազան Հայրը իր այս բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը` Յիսուսի լեռան քարոզը, հայող Աստուծոյ օրէնքին ու պատուիրաններուն, դատապարտեց զրպարտութեան ու վատահամբաւութեան մեղքերը։
Հարկաւոր է - ըսաւ Սրբազան Հայրը - գիտակցիլ, թէ ի՞նչ կը բնակի մեր սրտին մէջ, բարին թէ չարը, որպէսզի չխաբուինք եւ աշխատինք չար մտածումներէն հեռանալ։
Ս. Թովմաս առաքեալի արդի եկեղեցին լի էր խուռներամ հաւատացեալներով եւ մանուկները շրջապատած էին աւագ խորանը։ Սրբազան Քահանայապետը հանդիսապետեց ս. պատարագը իր կողքին ունենալով Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին` Հռոմի թեմին տեղապահը եւ ծուխի ժողովրդապետը։
Պատարագէն առաջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունեց եկեղեցւոյ փակը համախմբուած հաւատացեալները։ Ապա տեսակցութիւն ունեցաւ կրօնուսուցումի յաճախող աշակերտներուն, տարւոյն ընթացքին կնքուած երախաներուն ու անոնց ծնողներուն, ինչպէս նաեւ դրոշմի խորհուրդի պատրաստւող երիտասարդներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ ժողովրդապետութեան հիւանդներուն ու անկարներուն հետ ինչպէս նաեւ հովուական վարչութեան անդամներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.