2014-02-17 14:43:12

Ֆրանչիկոս Քահանայապետի, 17 փետրուարի քարոզը:


Երկուշաբթի, 17 փետրուարի առաւօտեան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, ընդգծեց թէ ''Աստուծոյ ժողովուրդի՝ համբերութեամբ դիմագրաւած առօրեայ դժուարութիւններն են, որ յառաջ կը տանին Եկեղեցին'' ։

Նորին Սրբութիւնը, մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը, քարոզը կեդրոնացուց համբերութեան անհրաժեշտութեան վրայ։ ''Համբերութին կը նշանակէ՝ հանդուրժել դժուարութիւնները, այն բաները որ չենք բաղձար։ Անհամբեր մարդը, անձն մըն է որ մանուկի նման, չի գիտեր կեանքը ընդունիլ այնպէս ինչպէս որ է եւ կը դառնայ ''քմահաճ''։ Եւ քմահաճութիւնն ու ամենակարողութիւնը համբերութեան փորձութիւններէն են։

Մարդիկ – ըսաւ Սրբազան Հայրը - Աստուծոյ վարուելակերպը կը շփոթեն ՝ կարծես ըլլար կախարդի վարուելակերպ։ Աստուած չգործեր կախարդի նման, Ան ունի իր իւրայատուկ վարուելակերպը, Աստուածային համբերութիւնը։
Քրիստոնէական կեանքն ալ ընթանալու է այս համբերութեան ուղղութեամբ որ եղած է մեր նախահայրերու ապրած իրողութիւնը, հաստատեց Սրբազան Հայրը ու ապա ակնարկեց ժողովուրդին ապրած դժուարութիւններուն՝ աղքատութենէ տառապողներուն, հիւանդներուն, ինչազուրկերուն, անոնց որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն իրենց ժպիտն ու հաւատքը չեն կորսնցներ ու քաջութեամբ կ՛ապրին իրենց առօրեան։ Անոնք են որ յառաջ կը տանին Եկեղեցին – հաստատեց Քահանայապետը։
Ան ապա մատնանշեց թէ Աստուծոյ ժողովուրդը գիտէ կարդալ ժամանակի նշանները, երբ որ թզենիի ծառը բուսնի գիտէ թէ հասած է գարունը։ Իսկ Փարիսեցիները, անհամբերողները, որոնք նշաններ կ'ակնկալէին, չհասկցան իրենց ժամանակի նշանները, ասոր համար չճանչցան Յիսուսը – ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապը եւ քարոզը եզրափակեց Տիրոջմէ հայցելով համբերութեան պարգեւը։







All the contents on this site are copyrighted ©.