2014-02-17 10:56:35

Սինայի մէջ զբօսաշրջիկներ փոխադրող փոխադրակառք մը ականահարուեցաւ։


Սինայի թերակղզիին մէջ զբօսաշրջիկներ փոխադրող փոխադրակառքի մը ականահարման պատճառով առնուազն երեք հարաւային քորէացի զբօսաշրջիկներ եւ փոխադրակառքի եգիպտացի վարորդը սպաննուեցան:
Շարք մը այլ հարաւային քորէացիներ վիրաւորուեցան յարձակումին պատճառով, որ տեղի ունեցաւ, մինչ փոխադրակառքը կը պատրաստուէր մուտք գործել Իսրայէլ:
Իսրայէլեան ոստիկանութեան բանբեր Միքի Ռոզընֆելտ յայտնեց, որ Սինայի մէջ գտնուող եգիպտական Թապա զբօսավայրին մէջ փոխադրակառքի ականահարումը «թշնամական արարք մըն է», եւ իսրայէլեան ոստիկանութենէն ուժեր անմիջապէս շրջանին մօտ վայր մը փութացած են` վիրաւորներու փոխադրութեան աշխատանքին օժանդակելու համար:
Փոխադրակառքը Սինա լերան մօտ գտնուող եւ զբօսաշրջիկներու մօտ ժողովրդականութիւն վայելող Ս.Կատարինէ վանքէն Իսրայէլ կ՛ուղղուէր:
Նշենք, թէ Սինայի թերակղզին 2011-ին նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգին տապալումէն ետք հետզհետէ աւելի անապահով սկսած է դառնալ, իսկ յուլիս 2013-ին եգիպտական բանակին կողմէ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տապալումէն ետք, իսլամական զինեալներու կողմէ Սինայի մէջ կատարուած յարձակումները աշխուժացած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.