2014-02-17 10:15:48

Նախագահ Սարգսեան սուր մատնանշումներով կ՛անդրադառնայ Հայաստանի հարցերուն։


Շաբաթ 15 փետրուարին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան համագումարին ընթացքին պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին երկրին տնտեսութեան, պարտադիր կուտակային համակարգին, եւ այլ հարցերու: Ան ըսաւ, որ այս տարի տնտեսական աճի ցուցանիշը նախորդ տարուան համեմատ քիչ պիտի ըլլայ: Ըստ նախագահ Սարգսեանի, կը սպասուի մօտաւորապէս 3,5 առ հարիւր տնտեսական աճ, ինչ որ այլ երկիրներու համեմատ լաւ է, իսկ Հայաստանի համար բաւարար չէ:
Սարգսեանի համաձայն, վերջին 6 տարիներուն Հայաստանի տնտեսութիւնը ունեցած է կայուն աճ, իսկ միջին աշխատավարձի աճը նոյն ժամանակաշրջանին աւելի եղած է, քան միջին տարեկան գնաճը:
«Մեր տնտեսութիւնը առողջ է, մեր տնտեսութիւնը ամուր է, մեր տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցած են էական փոփոխութիւններ, եւ անոնք շատ լաւ հիմք են ապագային եւս լաւ տնտեսական աճ ապահովելու համար», յայտարարեց նախագահ Սարգսեան:
Պարտադիր կուտակային համակարգին անդրադառնալով նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ ի հարկէ, այս պահուն 5 առ հարիւրը պահելով նեղութիւն կու տան մարդոց, բայց ասիկա ապագայամէտ ծրագիր մըն է, որ երկար քննարկուած է, եւ իշխանութիւնները գիտակցաբար գացած են այդ քայլին:
Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ այս հարցին մէջ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ կառավարութեան, իսկ ինչ կը վերաբերի բարձրացուած բողոքի ալիքին, ապա ըստ նախագահին, ինչպէս ամէն ծաւալուն փաստաթուղթի մէջ` այնտեղ ալ կրնան ըլլալ խնդիրներ, բայց ոչ ոք չի կրնար իտէալական փաստաթուղթ մշակել:








All the contents on this site are copyrighted ©.