2014-02-17 12:56:17

Մեսրոպ Մաշտոց. Հայերէն տառերուն եւ Հայ գրաւոր դպրութեան սուրբ հիմնադիրը


«ՄԵՍՐՈ՜Պ, հայ դարերու դիմաց կեցող՝
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
Դուն, մանուկներու մերկ ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող,
Գիտակցութեանց անգիւտ փարոս…»։

Փետրուար 17-ի այս օրը, հայերէն տառերուն, հայոց գրաւոր այբուբենին եւ հայ դպրութեան հիմնադիր Սուրբին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած մեծն Սիամանթոյի ոգեշունչ բնութագրումով կ’ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայ ժողովուրդին հայերէն գիրեր պարգեւած եւ Հայ ազգային ինքնութեան ու ինքնուրոյնութեան հիմնաքարը հաստատած Մեծ Վարդապետին։

Դարերը սրընթաց կը գումարուին իրարու վրայ, իրերայաջորդ սերունդներ կու գան ու կþերթան՝ իրենց հետ նաեւ իրենց ապրած «նոր» ժամանակները անշրջելիօրէն անցեալին ու «հին»ին յանձնելով, բայց ամէն օր ծագող ու մայր մտնող Արեւին հետ Մեսրոպեան գիւտը կը վերանորոգէ ու կը վերահաստատէ նոր միտք եւ խօսք արարելու իր անսպառ կենսունակութիւնը՝ հայ ժողովուրդին հազարամեակներու երթը հունաւորելով եւ լուսաւորելով։

Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքն ու գործը արժանացած են վաւերագրական վկայութիւններու եւ մենագրութիւններու ծաւալուն գրականութեան մը՝ գրուած թէ՛ իր ժամանակակիցներուն, թէ՛ հետագայ մատենագիրներու եւ պատմագիրներու կողմէ։ Գրական այդ հարուստ ժառանգութեան մէջ կ՛առանձնանայ կոթողական գործը Մեսրոպի աշակերտներէն Կորիւնի, որ իր «Վարք Մաշտոց»ի երկով հիմը դրաւ Մաշտոցագիտութեան։ Նուազ արժէքաւոր չեն Մաշտոցի նուիրուած Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի, Մովսէս Կաղանկատուացիի եւ Կարապետ Սասնեցիի օրինակով մեծանուն մատենագիրներու ընդարձակ վկայութիւնները։
Կիսազնուական ծագում ունեցող Վարդանի որդին էր Մեսրոպ Մաշտոց։ 362-ը ընդհանրապէս ընդունուած է իբրեւ Մեսրոպի ծննդեան թուական, բայց վաւերացման կարօտ որոշ աղբիւրներ 5 Ապրիլ 361ը կը յիշատակեն իբրեւ ճշգրիտ ծննդեան թուական։ Ծնած էր Տարօնի Հացեկաց գիւղը եւ բնատուր ձիրք ցուցաբերած էր լեզուներու իմացման եւ իւրացման մէջ։ Հայերէնի կողքին կը տիրապետէր ասորերէնի, յունարէնի, պարսկերէնի եւ վրացերէնի։ Իբրեւ այդպիսին, 385 թուին, գրագիրի ու ատենադպիրի պաշտօնին կոչուուած էր Արշակունեաց արքունիքին մէջ, Վաղարշապատ (Էջմիածին), Խոսրով Գ.ի օրով։

Աշխարհական ու պալատական այդ ծառայութեան շրջանին Մեսրոպ Մաշտոց ցաւով ու դառնութեամբ անդրադարձաւ, որ հայ ժողովուրդի ապագան վտանգուած է եւ ի սպառ ձուլումի վտանգը օրհասական դարձած է։ Մանաւանդ որ նոյն այդ ժամանակաշրջանին, 387 թուին, Հայաստան բաժնուեցաւ երկուքի։ Արեւելեան Հայաստանը ինկաւ Պարսկական տիրապետութեան տակ եւ, Արշակունեաց թագաւորութիւնը պահպանուելով հանդերձ, պարսկերէնն ու պարսկական մշակոյթը սկսան արագընթաց տարածուիլ հայերու մէջ։ Աւելի ծանրակշիռ վիճակի մէջ յայտնուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանը, որ Բիւզանդիոնի տիրապետութեան տակ ոչ միայն կորսնցուց թագաւորական իր պետականութիւնը՝ ենթարկուելով յունաց կայսեր, այլեւ անջատուեցաւ Հայոց Կաթողիկոսութենէն եւ ինկաւ յոյն եպիսկոպոսապետներու տիրակալութեան տակ։

Մեսրոպ Մաշտոց անդրադարձաւ, նաեւ, որ 301 թուին քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած Հայաստանը աստիճանաբար կը կորսնցնէր ազգային իր ինքնութեան պահպանման ու զարգացման ծառայող կարեւորագոյն զէնքը, որ ինքնուրոյն հաւատքին եւ սեփական մշակոյթին կառչած մեր ժողովուրդին հայեցի՛ դիմագիծն էր։ Հայը չունէր իր սեփական՝ հայերէն գիրերը եւ ի վիճակի չէր իր հարազատ լեզուով հաղորդուելու քրիստոնէական ուսմունքին հետ, կամ՝ հայերէնով ստեղծելու եւ տարածելու իր գրաւոր մշակոյթը։

Մեսրոպ Մաշտոց անձնատուր չեղաւ եւ չհամակերպեցաւ հայ ժողովուրդին պարտադրուած այդ իրավիճակին։ 395 թուին հրաժեշտ տուաւ աշխարհականի կեանքին, ճգնաւորութեան դիմեց եւ սկսաւ Հայաստան Աշխարհով մէկ շրջիլ, հետեւորդներ հաւաքել իր շուրջ եւ քրիստոնէութիւնը ուսուցանել՝ իբրեւ հայոց ինքնութեան պահպանման անփոխարինելի երաշխիքը։

Հոգեւորական ծառայութեան նուիրուելով՝ Մեսրոպ Մաշտոց ըստ էութեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազգային¬քաղաքական մեծ խնդիրը՝ հայոց ազգային միասնութիւնը եւ պետական անկախութիւնը վերականգնելու պայքարին կը զինուորագրուէր։ Հայոց հաւատքն ու հայ մշակոյթը սեփական ժողովուրդին ծանօթացնելու եւ գրական նոր ստեղծագործութիւններով հարստացնելու հոգեմտաւոր պայքարն էր Մեսրոպի ընտրած ուղին։ Բայց որքան ընդլայնեց հոգեւոր վարդապետի եւ հայ մշակոյթի ուսուցման իր գործունէութեան ծիրը, այնքան սուր կերպով անդրադարձաւ հայ գրերու անհրաժեշտութեան։ Առանց հայերէն տառերու եւ գրաւոր դպրութեան, անյոյս էր հայ մարդոց ասորերէնով կամ յունարէնով կենսագործուող քրիստոնէական հաւատքը հայացնելը, ո՜ւր մնաց բազմադարեան հայ մշակոյթի արժէքները նորահաս սերունդներուն սորվեցնելը, անոնց շունչով թրծելը…

Հրամայական այդ մարտահրաւէրին ընդառաջելու իր ամենայանդուգն քայլը Մաշտոց նետեց, երբ օրուան Հայոց Կաթողիկոսին՝ Սահակ Պարթեւին դիմեց հայոց գրերու մշակման եւ հայ գրաւոր դպրութեան ստեղծման, յատկապէս քրիստոնէական սկզբնաղբիւրներու հայացման առաջարկով։

Առանձնայատուկ արժեւորման նիւթ են թէ՛ նոյնինքն Սահակ Պարթեւի կենսանկարը, թէ՛ Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց սրբացեալ երկեակին ժառանգութիւնը, թէ՛ Թարգմանչաց շարժման կենսագործման եւ հայ դպրութեան ժողովրդականացման մէջ անոնց մեծագոյն ներդրումին գնահատումը։ Բայց այստեղ անպայման պէտք է ընդգծել եւ շեշտել, որ Սահակ Պարթեւի մէջ Մեսրոպ Մաշտոց գտաւ ոչ միայն գաղափարակից ազգային հոգեմտաւոր գործիչ մը, այլեւ՝ հայոց գրերու գիւտին հովանաւոր Կաթողիկոսը։

Հայոց Այբուբենի 36 տառերը հնարելու համար Մաշտոց տարիներ ճգնեցաւ. ասորի եւ յոյն լեզուագէտներու հետ մօտէն աշխատեցաւ, շատ բան սորվեցաւ անոնցմէ, բայց ինչ որ սորվեցաւ՝ նախ իր հայու ազգային շաղախին պատշաճեցուց եւ յետոյ միայն գիրերու վերածեց։ 405 թուին արդէն Մեսրոպ Մաշտոց սկսաւ իր յայտնագործած հայերէն տառերով գրաւոր մշակոյթ ստեղծել՝ առաջին հերթին Սողոմոն Իմաստունի առակները թարգմանաբար հայացնելով։ Մաշտոցի նորաստեղծ հայերէն տառերով գրուած առաջին նախադասութիւնը եղաւ՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ բանս հանճարոյ»։

Հայոց գրերու գիւտին հետեւեցաւ հոգեւոր քարոզիչի, հայ բանաստեղծի եւ մեծ ուսուցիչի շուրջ քառասնամեայ ծառայութիւն մը, որ Մեսրոպ Մաշտոց անունը ոչ միայն անմահացուց իբրեւ հայոց գրաւոր ժառանգութեան հիմնադիրը, այլեւ՝ սրբացուց զայն եւ արժանացուց հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան ազատագրման նահապետի դափնեպսակին։ Եւ ինչպէս Սիամանթօ պիտի ըսէր աւելի քան դար մը առաջ՝

«Դուն մեծաթափանց նայուածքներով առաքեալ,
Դուն էիր որ զքեզ երգող ցեղդ այսօրուան,
Հելլէններէն ե՛ւ հանճարեղ, ե՛ւ հրավառ,
Ու աշխարհակալ մեծ Հռովմի որդիներէն
Ու հրապաշտ Պարսիկներէն դրացի,
Մայր¬բարբառիդ հիմնաքարովը յակինթ,
Հայկազունեաց մեր շառաւիղն ազատեցիր…»։

Նազարէթ Պէրպէրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.