2014-02-17 10:28:59

Լիբանանը ունեցաւ իր նոր կառավարութիւնը։


Իր նշանակումէն տասը ամիս եւ տասը օր ետք, վարչապետ Թամմամ Սալամ կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր դահլիճը` օժանդակութեամբ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, բացի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն, որ մերժեց մաս կազմել երկրին կառավարութեան:
Շաբաթ, 15 փետրուարի առաւօտեան, վարչապետ Սալամ ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի յանձնեց նոր կառավարութեան կազմին անուանացանկը, որուն դիմագրաւած ներքին գործոց նախարարի թնճուկը եւս լուծուեցաւ:
Նախագահ Սլէյմանի եւ վարչապետ Սալամի հանդիպումին միացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
Իշխանութեան երեք պետերուն կողմէ նոր դահլիճին վաւերացումէն ետք, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պուժի լիբանանցիներուն փոխանցեց նոր կառավարութեան կազմը, որ հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
- Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել
- Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան
- Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք
- Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ
- Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր
- Տեղեկատուութեան հարցերու նախարար Ռամզի Ժրէյժ
- Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ
- Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի
- Ճարտարարուետի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան
- Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ
- Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք
- Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի
- Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր
- Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս
- Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ
- Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն
- Գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի
- Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ
- Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ
- Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի
- Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի
- Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ
- Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ
Կառավարութեան կազմի յայտարարութենէն ետք վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ իր ստանձնած պարտականութիւնը ծանր է ու փշոտ` շեշտելով, որ «Ազգային շահերու» կառավարութիւնը արդէն իսկ ծնած է:
«Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական հարցերուն շրջագիծին մէջ այս կառավարութիւնը կազմուած է իրարու հետ գործակցելու, ինչպէս նաեւ նախագահ Սլէյմանի հովանաւորութեամբ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսելու նպատակով», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ ըսաւ, որ կառավարութիւնը պիտի ջանայ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ գործել քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելով:
Թամմամ Սալամ ընդգծեց նաեւ, որ կառավարութիւնը պիտի կազմակերպէ նախագահական ընտրութիւնները եւ պիտի ուղղուի կազմակերպելու երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Նշենա որ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ, 15 փետրուարին լոյս տեսած «Նահար» օրաթերթի թիւին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին մօտ պահելը կը նշանակէ, թէ համոզում մը կայ, որ անիկա քրիստոնեաներուն համար ռազմավարական արժէք է:
Իր զեկոյցին մէջ երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ թէ ''սահմանադրական բարեփոխումները անհրաժեշտ են, պայմանաւ որ անոնք երկրին ապահովական կայունութեան վրայ չազդեն, ինչպէս նաեւ չդպչին համայնքներուն միջեւ համերաշխութիւն եւ գոյակցութիւն ապահովող հաւասարութեան սկզբունքին'':








All the contents on this site are copyrighted ©.