2014-02-16 12:42:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի, 16 փետրուար, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց որ քաղուած էր օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն` Մատէթոսի աւետարանէն, ուր Յիսուս կ՛ըսէ ''Մի կարծէք թէ եկած եմ Օրէնքն ու Մարգարէները ջնջելու, չեմ եկած ջնջելու այլ լրացնելու''։Յիսուս ապա կ՛աւելցնէ ''Կ՛ըսեմ ձեզի եթէ ձեր արդարութիւնը չգերազանցէ դպիրներունն ու փարեսիցիներունը, պիտի չըմտնէք երկինքի արքայութեան մէջ։
Ասկէ մեկնելով, Յիսուս իր շուրջիններուն կը բացատրէ հին ու նոր օրէնքի միջեւ կայացած տարբերութիւնը ու ապա իրեն հետեւողներուն կը յանձնարարէ ըլլալ կատարեալ, սիրել անհունօրէն` նոյնիսկ թշնամիները։
Ասկէ ի յայտ կու գայ թէ Յիսուս մակերեսային կերպով չի նայիր օրէնքին - ըսաւ Քահանայապետը - այլ կ՛ուզէ անոր խորքը երթալ` մարդու սիրտին, ուրտեղէն կը բխին բարի եւ չար գործերը։ Բարի եւ արդար վարուելակերպերու ձգտելու համար բաւարար չեն ''օրէսնդրական'' կանոնները, այլ հարկաւորութիւն կայ խոր համոզումներու որ արտայայտութիւնն են թաքուն իմաստութեան մը` Աստուծոյ Իմաստութիւնը, որ կարելի է ընդունիլ Սուրբ Հոգիի շնորհքով։
''Ու մենք Քրիստոսի մէջ մեր ունեցած հաւատքով կրնանք բացուիլ Սուրբ Հոգւոյն որ մեզ կարող կը դարձնէ Աստուածային Սիրոյն'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան աւարտին, ու ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալները բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.