2014-02-16 09:46:52

Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը Գարիթասի հետ միասին օգնութեան կը հասնին Սուրիոյ բնակչութեան։


Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը իտալական Գարիթասի հետ միասին կը շարունակեն սատարել Սուրիոյ աղետեալներուն բարեսիրական զանազան նախեձռնութիւններով։
Սուրիոյ բնակչութիւնը երեք տարիէ զոհ է ահաբեկչութեան, որուն հետեւանքով աւելի քան եօթը միլիոն անհատներ տեղահան եղած են եւ կարիքը ունին բոլորիս օգնութեան։ Հակառակ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ու միջազգային հասարակութեան խաղաղութեան ի խնդիր կոչերուն, կարելի չեղաւ մինչեւ օրս հրադադար մը հաստատել եւ անցքեր բանալ օգնութեան հասնելու կարօտեալներուն։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յառաջիկայ մայիսին Յորդանանին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ սուրիացի փախստականներուն եւ կրկին կոչ պիտի ընէ Սուրիոյ խաղաղութեան ի խնդիր։
Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը իտալական Գարիթասի հետ միասին կրկին կոչ կ'ընեն որպէսզի վերջ տրուի Սուրիոյ ներքին պատերազմին, հրաւիրելով ընդդիմադիր կողմերը կլոր սեղան նստիլ։ Բացի խաղաղութեան դաստիարակութիւն ու զօրակցութիւն ապահովելէ, Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը իր նիւթական օգնութիւնը կ'երաշխաւորէ Հալէպ քաղաքի աւելի քան 20 հազար ընտանիքներու։
Անցեալ ամիս Իտալիոյ ոտնագունթի ընդհանուր կոմիտէն միացաւ իտալական գարիթասի նախաձեռնութեան իր նիւթական նպաստը բերելով սուրիացի կարօտեալ ու անօճախ ընտանիքներուն։
Իտալական երկաթուղիի ընկերակցութիւնը իր կայարաններուն ու գնացքներուն մէջ (փետրուար 16-22) պատկերասփռում կը կատարէ այդ ուղղութեամբ։ Վերոյիշեալ տեսերիզը, ուրբաթ 14 փետրուարին սփռուած է ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, մինչ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրապարակի վրայ կ՛ընդունէր աւելի քան 15 հազար զոյգ։ Սուրիոյ մասին գովաստը կատարուեցաւ շնորհիւ Իտալական երկաթուղիի ընկերութեան նպաստին։








All the contents on this site are copyrighted ©.