2014-02-15 09:01:45

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Հռոմի ս. Թովմաս առաքեալի ժողովրդապետութեան։


Կիրակի, 16 փետրուար 2014-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ ս. Թովմաս առաքեալի նուիրուած ժողովրդապետութեան։
Այցելութիւնը կը նախատեսէ հանդիպում մը ժողովրդապետութեան զանազան մարմիններու հետ եւ ապա ս. պատարագ։ Նորին Սրբութեան հովուական այս այցելութիւնը կը զուգադիպի ժողովրդապետութեան հաստատութեան 50-րդ տարեդարձին նշումին` 19 փետրուարին։ Ժողովրդապետական հասարակութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 20 հազար հաւատացեալ։
Հովուական այցելութեան վայր ժամանելուն Սրբազան Հայրը կը դիմաւորեն` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին` Հռոմի թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոսը, շրջանի եպիսկոպոս` գերապայծառ Փաոլօ Սքիավոն ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան հովիւը` Հայր Անթոնիօ Տ՛էրրիքոն ու ժողորդապետութեան մէջ ծառայող կղերի անդամները։
Սրբազան Քահանայապետը առաջին հանդիպումը կ՛ունենայ Քրիստոնէական դասընթացքի մասնակցող եւ Սուրբ Հաղորդութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներու պատրաստուող մանուկներուն եւ երիտասարդներուն հետ, ապա հանդիպում կ՛ունենայ հիւանդներու եւ անկարներու մէկ խումբի հետ, ինչպէս նաեւ նորածին մկրտեալ մանուկներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա կ՛ողջունէ Ժողովրդապետութեան Հովուական մարմինը եւ հինգ հոգիներու խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարելէ ետք ժամը 6-ին կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Յայտնենք որ Սուրբ Թովմաս առաքեալի Ժողովորդապետութիւնը ունի թաղական խորհուրդ մը, աղօթասրահ մը եւ մարզադաշտ մը անչափահասներուն համար, Գարիթաս` բարեսիրական կեդրոն մը օգնութեան հասնելու ինչազուրկերուն, ու նաեւ տարեցներու համար կեդրոն մը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.