2014-02-15 09:17:31

Ս . Սարգիս Զօրավարի յիշատակութիւն։


Վարդանանցէն 12 օրեր առաջ եղող Շաբաթ օրը, Հայ եկեղեցին նուիրած է Ս . Սարգիս Զօրավարի յիշատակին :
Ս. Սարգիս , Կապադովկիոյ Գամիրք գաւառէն էր. քաջ ու առաքինի զինուորական մը, որ զօրապետի աստիճանին հասաւ: Համարձակութեամբ կը քարոզէր Աւետարանը եւ կը կործանէր բագինները: Երբ Յուլիանոս կայսրը, որ քրիստոնէութիւնը ուրացած էր, գահ բարձրացաւ, Սարգիս, իր Մարտիրոս որդիին հետ Հայաստան ապաստանեցաւ՝ Տիրան թագաւորի մօտ եւ ժամանակ մը հոն մնալէ ետք անցաւ Պարսկաստան, պարսից Շապուհ թագաւորին մօտ՝ ծառայելով զինուորական ասպարէզին մէջ:
Մեծ եղաւ իր որդիին՝ Մարտիրոսին ազդեցութիւնը իր հսկողութեան ներքեւ գտնուող պարսիկ զօրքին վրայ. անոնց մէջէն քրիստոնէութեան դարձողներ եղան:Այս պարագան հետզհետէ ուշագրաւ դառնալով, Սարգիս եւ իր զաւակը արքայական հրաւէր ստացան զոհ մատուցանել ու արքունի մեհեանին մէջ: Սակայն, Սարգիս նոյնիսկ քաջութիւնը ունեցաւ անարգելու կուռքերը: Առ ի հետեւանք իրենց յանդուգն կեցուածքին՝ զօրավարն ու իր որդին մահուան դատապարտուեցան:
Իր պարսիկ զինուորներէն տասնըչորս (14) անձեր որոնք մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացեր էին իրեն, առին Սարգիսի մարմինը եւ մաքուր զգեստներով պատեցին:
Բայց թագաւորին հրամանով իրենք եւս գլխատուեցան ու իրենց նահատակութիւնըեւս կը յիշատակուի Սուրբ Սարգիսի եւ անոր Մարտիրոս զաւակին յիշատակին հետ, ամէն տարի:

Աղօթք Սուրբ Սարգիսին
Բարձրեալէն գերագոյն պատիւ ստացար Քրիստոսի քով բարեխօսելու համար եւ դարձար մեր խնդրանքները կատարող, աղօթքները լսող, սատանաները հալ ած ող, ով արագ ահաս Սու րբդ Սարգիս:
Ցաւ ե րով լ ե ց ու ն մարդկային կեանքին զօրեղ բժիշկ. արտասուքը սրբող, նեղութեան մէջ ինկածներու վիշտերը դիւրութեամբ մեղմացնող, գերիները ազատող, ով արագահաս Սուրբդ Սարգիս:
Դուն որ ամէն տեղ կը յիշուիս ու կը փառաբանուիս, որովհետեւ գեղեցիկ եւ բարի անուն ես, հաւատացեալներուն շուրթերուն համար քաղցրահամ պտուղ:
Գիշեր ու ցերեկ յոյսով քեզ կը կանչենք, արագահաս Սուրբդ Սարգիս, բարեխօս եղիր, Քրիստոսի քով, մեր անձերուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.