2014-02-15 08:48:16

Պուլկարացիներուն 51 առ հարիւրը Եւրոպական Միութեան անդամակցելու տարիներուն ընթացքին դրական փոփոխութիւն չէ տեսած


Gazeta.ru` յղում կատարելով «Ալֆա Ռիսըրչ» հետազօտական կեդրոնին, հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան եօթը տարիներուն ընթացքին պուլկարացիներուն կեանքը դէպի լաւ չէ փոխուած:
Պուլկարիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան 8-րդ տարուան եւ Եւրոպական խորհրդարանի 3-րդ ընտրութիւններու շեմին Պուլկարիոյ քաղաքացիներուն տրամադրութիւնները տարբեր են:
Հարցախոյզին մասնակցած պուլկարացիներուն 32 առ հարիւրը կը կարծէ, որ երկիրը Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն շահ ապահոված է, սակայն 51 առ հարիւրը դրական փոփոխութիւն չի տեսներ, իսկ 17 առ հարիւրին համոզումով, Եւրոպական Միութեան անդամակցելէ ետք ամէն բան աւելի վատ դարձած է:
Հակառակ ատոր, պուլկարացիները յոյս ունին, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը ուշ կամ կանուխ իր օգուտը պիտի տայ: Այդպէս կը կարծէ հարցախոյզին մասնակիցներուն 46 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.