2014-02-15 10:46:50

Նազարեան ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին մէջ խօսած է Ազրպէյճանական սադրանքներուն մասին


Ազրպէյճանի կողմէ ռազմատենչ հռետորաբանութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին ու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութիւնը խախտող սադրիչ գործողութիւններուն անդրադարձած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան` չորեքշաբթի օր ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած «Զինեալ տագնապներու մէջ քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութիւնը» խորագիրով բաց քննարկման ժամանակ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, դեսպանը նշած է, որ հայկական կողմին մեծապէս կը մտահոգէ ուժի կիրարկման մարդկային հետեւանքները, ինչպէս նաեւ այդ անընդունելի գործելակերպին պատճառով առաւելաբար կը ծանրանայ սահմանային գօտիներուն մէջ քաղաքային բնակչութեան վիճակը:
ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ առիթ ունեցած է նախապէս Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բարձրաձայնելու քաղաքային բնակչութեան արձակազէններու կողմէ հասցուած վնասներուն խնդիրը` աւելցնելով, որ Հայաստան կ՛ուզէ վերջ դնել բռնութեան բոլոր դրսեւորումներուն եւ մեծապէս կը հաւատայ, որ տագնապներու հիմնարար եւ յարատեւ լուծման կարելի է հասնիլ միայն խաղաղ միջոցներով եւ միջազգային իրաւունքներու հիման վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.