2014-02-15 08:40:37

Յունաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը հասած է մրցանշային ցուցանիշի։


Ռուսական «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի կառավարութեան վիճակագրական նոր զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ Յունաստանի գործազրկութեան մակարդակը հասած է մրցանշային 28 առ հարիւրի:
Նախորդ «մրցանիշը» արձանագրուած էր 2013-ի օգոստոսին, երբ Յունաստանի մէջ գործազրկութեան համեմատութիւնը հասած էր 27.6 առ հարիւրի: Համեմատութեան համար պէտք է նշել, որ 2012-ի մայիսին այդ ցուցանիշը աւելի ցած էր` 23.8 առ հարիւր, իսկ վեց տարի առաջ, այսինքն` տնտեսական ճգնաժամէն առաջ, գործազրկութիւնը չէր գերազանցեր 12 առ հարիւրը:
Ըստ տուեալներուն, 15-25 տարեկան յոյներու 61 առ հարիւրէն աւելին չի կրնար աշխատանք գտնել: Այս պահուս ատիկա վատագոյն ցուցանիշն է Եւրոպական Միութեան բոլոր երկիրներուն շրջանակին մէջ:
Բայց եւ այնպէս, յունական իշխանութիւնները յոյս ունին արագ կերպով բարելաւելու իրավիճակը: Կ՛ենթադրուի, որ յունական տնտեսութեան աճը 2014-ին պիտի կազմէ 0.6 առ հարիւր:








All the contents on this site are copyrighted ©.