2014-02-15 11:50:25

Լոյս տեսաւ Լեռնագնացներու Նոր Կտակարանը, սահմանուած բնութիւնն ու սարերը սիրողներուն։


Անցեալ սեպտեմբեր 2013-ին լոյս տեսաւ Լեռնագնացներու Նոր Կտակարանը, ցայժմ, ֆրանսերէն լեզւով «bergbibel.com» , զուիցերական ընկերակցութեան կողմէ։ Պարզ եւ հաղորդական ոճով վերոյիշեալ գիրքը սահմանուած է բնութիւնն ու սարերը սիրողներուն։ Առաջին տպագրութիւնը, 5000 օրինակ քանակով, արդէն սպառած է եւ ընկերակցութիւնը կը պատրաստուի եկրոտդ տպագրութիւնը հրապարակել։ Ընկերակցութեան նպատակն է վկայութիւն տալ քրիստոնէական արժէքներուն եւ ճանչցնել Արարիչը` արարչագործութեան միջոցաւ։
Լեռնագնացներու Նոր Կտակարանը ճոխ է բնութեան նկարներով, լեռնագնացներու վկայութիւններով ու բնութեան հետ կապ ունեցող սաղմոսներով։
Հատորին ներածականին մէջ կը կարդանք ''Հատորին նպատակն է կամուրջ մը հանդիսանալ Արարիչի ու Անոր արարչագործութեան միջեւ (www.bibledelamontagne.com).։








All the contents on this site are copyrighted ©.