Հայաստանի Ազգային արխիւը բաց է բոլոր Թուրք հետազօտողներուն համար:
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Տերսիմի համալսարանի պատմութեան բաժինի վարիչ Ճանտան Պատեմ 2009էն
ի վեր ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ եւ ուզած է քաղած
փորձառութիւնը յօդուածով մը փոխանցել այն թուրք մասնագէտներուն, որոնք կ՛ուզեն Հայաստանի
մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարել: Ան կը գրէ, թէ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ աշխատելու
ընթացքին որեւէ խնդիր չէ ունեցած, եւ կ՛ընդգծէ, թէ արխիւային բոլոր փաստաթուղթերը հասանելի
են ուսումնասիրողներուն. այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը: Պատեմ կ՛աւելցնէ, թէ
հակառակ թուրք պատմաբաններու շրջանակներուն մէջ տարածուած կարծիքին, արխիւը բաց է Թուրքիոյ
քաղաքացիներուն առջեւ՝ աւելցնելով, որ հոն աշխատած Թուրքիոյ առաջին քաղաքացին եղած է
Ամերիկայի մէջ մարդաբանութեամբ զբաղող Եքթան Թուրքեըլմազը, որ երկու ամիս ձերբակալուած
մնացած է՝ Հայաստանէն արգիլուած գիրքեր դուրս բերել փորձելուն համար: Արխիւի ղեկավարութիւնը
պնդած է, որ այդ միջադէպը կապ չէ ունեցած Թուրքեըլմազի արխիւային աշխատանքին հետ, սակայն
միջադէպը բացասական անդրադարձ ունեցած է ուսումնասիրողներ ներգրաւելու ջանքերուն վրայ: Պատեմ
թուրք ուսումնասիրողները կը տեղեկացնէ, որ եթէ հետազօտողը ռուսերէն գիտնայ, ապա արխիւային
ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն որեւէ դժուարութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ արխիւային
փաստաթուղթերու հսկայական մասը ռուսերէն է: Ան նշած է նաեւ, որ արխիւին մէջ պահուող ամենահին
պատմական փաստաթուղթը 1607ին շահ Ապպասի կողմէ հայ մելիքներուն արտօնութիւններ տրամադրելու
մասին հրովարտակն է: